2024 թուականի յունուար-սեպտեմբեր ամիսներուն Հայաստան այցելած է Թուրքիոյ 9,810 քաղաքացի։ ՀՀ Ազգային վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներու համաձայն, նոյն ժամանակահատուածին անոնցմէ միայն 9,620-ը լքած է Հայաստանը, կը հաղորդէ «Փաստինֆո»ն:
Դիտարկուող ժամանակահատուածին մէջ Հայաստան այցելած է նաեւ Հնդկաստանի 37,642 քաղաքացի, լքած` 42,502-ը:
Յատկանշական է որ այս տարուան առաջին ինը ամիսներու ընթացքին ամենաշատը Հայաստան այցելած են Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիներ, աւելի քան 1 միլիոն 89 հազար մարդ, անոնցմէ նոյն ժամանակահատուածին Հայաստանը լքած են աւելի քան 1 միլիոն 79 հազարը։ Նշենք, որ Հայաստան այցելած է նաեւ Ուքրանիոյ 42,483 քաղաքացի, սակայն ինն ամսուան ընթացքին Հայաստանը լքողներու թիւն աւելի շատ եղած է`43,314 ։
Հայաստան այցելող օտարերկրեայ քաղաքացիներու երկրորդ տեղը կը զբաղցնէ Վրաստանը: Այս տարուան առաջին 3 եռամսեակներուն Հայաստան եկած է Վրաստանի 296,941 քաղաքացի, անոնցմէ Հայաստանը լքած է 292,237-ը։
Երրորդ տեղը կը զբաղցնէ Իրանի քաղաքացիները` այս տարի Հայաստան եկած է 159,118 Իրանի քաղաքացի, որոնցմէ 158,828 նոյն ժամանակահատուածին լքած է Հայաստանը։
Միացեալ Նահանգներէն այս տարուան 9 ամիսներուն Հայաստան եկած է 59,963 քաղաքացի, անոնցմէ 57,834 մեկնած են Հայաստանէն։