image

Յիշելով Էտը.Գրեց՝ Արէն Տէյիրմենճեան

Յիշելով Էտը.Գրեց՝ Արէն Տէյիրմենճեան

Էտի ժառանգութիւնը կ'ապրի, քանի որ անոր ներկայացուցած գաղափարները անմահ են: Մենք ենք որոշում կայացնողը, ապրելու այդ գաղափարներով եւ համոզուելու, որ անոնք փոխանցուին ուրիշներուն»:

«Աբրահամ Լինքըլն առիթով մը ըսած է. «Ապագան կանխատեսելու ամենայուսալի միջոցը այն ստեղծելն է»:

Թէեւ ես միայն մէկ անգամ անձամբ հանդիպած եմ Էտին, տեսանելի էր, որ անոր դիրքորոշումը կրթութեան հարցով, որպէս Հայաստանի լաւագոյն աւանդ դէպի փայլուն ապագայ, անզիջելի էր:

Եւ ան լոկ խօսքերով չէ, որ հաստատեց այդ համոզումը: Թերեւս աւելի քան որեւէ այլ անձ, ան ե՛ւ մեծ մտահորիզոնի տէր էր, ե՛ւ գործի մարդ, յատկանիշ, որ խորապէս կը բացակայի Հայաստանի առաջնորդներու շրջանակին մէջ:

Այսօր այն երկու հաստատութիւնները, որոնք ան օգնեց ստեղծելու, հպարտօրէն կը խոյանան Հայաստանի բնապատկերին մէջ, որպէս յոյսի փարոսներ: Ե՛ւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը, ե՛ւ Աւետիսեան դպրոցը կը ձեւաւորեն նոր սերունդ մը կարող անհատներու, որոնք այլ կերպ կը մտածեն, որոնք կը ցանկան բարեփոխումներուն մաս կազմել եւ կը սիրեն Հայաստանը:

Պատահական չէ, որ ասոնք յատկանիշներ են, որոնք ինք՝ Էտ մարմնաւորած է։ Անշուշտ, ուսանողներու հետ հանդիպելու անոր յաճախակի այցելութիւնները ոգեշնչող էին ոչ միայն անոր խօսքերուն, այլ նաեւ կեանքին մէջ իր ունեցած կեցուածքին ու վարքին միջոցով: Երբեմն մեր վրայ շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կ'ունենան նման աննիւթեղէն իրողութիւններ, քան այն, ինչ մեզի կ'ըսեն:

Էտի ժառանգութիւնը կ'ապրի, քանի որ անոր ներկայացուցած գաղափարները անմահ են: Մենք ենք որոշում կայացնողը, ապրելու այդ գաղափարներով եւ համոզուելու, որ անոնք փոխանցուին ուրիշներուն»:

 

Արէն Տէյիրմենճեան

AMAA-ի (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան) Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն

 

 

Հատուած՝ 

Էտուարտ Աւետիսեանին նուիրուած յուշ-երեկոյի ելոյթէն

 

Հայաստանի ամերիկեան համալսարան

8 յունիս, 2023