image

Նորոգութիւն. Գրեց՝ Արէն Տէյիրմենճեան

Նորոգութիւն. Գրեց՝ Արէն Տէյիրմենճեան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ)  Հայաստանի  ներկայացուցիչ՝  Արէն Տէյիրմենճեան   ամիսը ամփոփող  իր  սիւնակով կը գրէ՝

Դժուար է տեսնել, որ այսօրուան աշխարհը, ուր կ'ապրինք, այնքան զբաղած է եւ խորասուզուած, որ նոյնիսկ մեծագոյն ողբերգութիւնները կարծես կ'անցնին մեր կողքով, եւ լաւագոյն արձագանգը, որ կրնանք ցուցաբերել, գուցէ մի քանի օրուան պոռթկումն ու «մտահոգութիւնն» է, մինչեւ կրկին տիրէ անհաղորդութիւնը:

Կ'երեւի յոգնած ենք։ Հոգեպէս ուժասպառ եղած ենք։ Տեսնել, թէ ինչ կատարուեցաւ Արցախի մէջ մեր պապենական հողին եւ ժողովուրդին հետ, եւ յետոյ զուգահեռներու նոյնանման դրսեւորման ականատես ըլլալ Կազայի մէջ ընդամէնը մի քանի շաբաթուան ընթացքին, թերեւս, չափազանց շատ է: Հայաստանի մէջ տեղահանուած արցախցիները դեռ պէտք է փորձեն ոտքի կանգնիլ։ Ընտանիքները տակաւին մասնատուած են, կ'ապրին տարբեր վայրեր, կը սգան սիրելիները, իրենց հայրենիքը... եւ ամենավատն այն է, որ յանցագործները կարծես թէ չոր դուրս եկան իրավիճակէն: Այս ա՛լ աւելի կը դժուարացնէ՝ կեդրոնանալ եղելութեան վրայ։

Արդեօ՞ք մենք շատ արագ անցում կը կատարենք։ 

Արդէն դեկտեմբեր է, եւ այս ամսուան խորհուրդներէն մէկը նորոգութեան հնարաւորութիւնն է: Մինչ տարին կ'աւարտի, մենք յետադարձ հայեացք կը նետենք եւ, ի հեճուկս կատարուածին, կը քաջալերուինք AMAA-ի (ԱՀԱԸ) ձեռքբերումներով: Անցած մէկ ամսուան ընթացքին մենք ձեռք մեկնեցինք աւելի մեծաթիւ մարդոց, քան երբեւէ, եւ յունուարին կը պատրաստուինք մեկնարկել խոշոր նախագիծ մեր արցախցի հայրենակիցներուն համար:

Մենք նաեւ կը գիտակցինք այս տարուան թերութիւնները, այնինչ ճիշդ անոր մէջ է նորոգութեան գեղեցկութիւնը. այն միշտ մեզ հնարաւորութիւն կու տայ նորէն սկսելու: Եւ այս անգամ մենք պիտի ըլլանք աւելի իմաստուն, ուժեղ եւ շրջահայեաց։

Շնորհակալ ենք ձեր տարեվերջեան նուիրատուութիւններուն համար, որոնք կ'օգնեն հետամուտ ըլլալու այս նպատակներու իրագործման։

 

Երախտագիտութեամբ՝

Արէն Տէյիրմենճեան 
AMAA-ի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն