«Ալեանս» կուսակցութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Տիգրան Գրիշայի Արզաքանցեանը կը մեղադրուի կեղծ փաստաթուղթ օգտագործելու համար։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Դատական-տեղեկատուական համակարգը։
Անոր մեղադրանք առաջադրուած ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 325-րդ յօդուածի առաջին մասի յատկանիշներով։
Ըստ մեղադրանքի՝ ան 25 Մայիսի 2021-ոմ Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ գտնուող ՀՀ ՈՍ անձնագրային եւ վիզաներու վարչութիւն ներկայացուցած է իրաւունք վերապահող, կեղծ փաստաթուղթ հանդիսացող թիւ 009105 տեղեկանք այն մասին, որ Տիգրան Գրիշայի Արզաքանցեանը Մոսկուայի տեղեկատուական արհեստագիտութեան համալսարան-Մոսկուայի ճարտարապետաշինարարական հիմնարկին մէջ ուսումնառած է 24.02.2018 թուականէն մինչեւ 14.06.2019 թուական, այդ կերպ օգտագործելով կեղծ փաստաթուղթ:
Անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը՝ չհեռանալու մասին։
Քրէական գործէ արդէն դատարան հասած է։