Յայտնի դարձած են Պուտափեշթի մէջ կայանալիք Փութին-Թրամփ գագաթնաժողովի նախնական ամսաթիւերը, գրած են ռուսական Telegram ալիքները՝ յղում ընելով Քրեմլի աղբիւրին։
Ըստ նախնական տուեալներու՝ Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ առաջնորդներու հանդիպումը Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած է հոկտեմբեր 30-ին կամ 31-ին:
Յիշեցնենք, որ հոկտեմբեր 16-ին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին երկկողմ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ հանդիպելու մասին: