Ատրպէյճանի ՊՆ-ն թարմացուցած է սեպտեմբեր 19-ին Արցախի շփման գիծի ողջ երկայնքով իրականացուցած ռազմական յարձակման հետեւանքով զոհերու ցանկը: Նշուած է, որ ատրպէյճանական բանակի 191 զինծառայող մահացած է:
Բացի այդ, մահացած է Ատրպէյճանի Ներքին գործոց նախարարութեան 12 աշխատակից։ Վիրաւորուած է 511 զինուորական։
Ատրպէյճանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ գործողութեան ընթացքին զոհուած է նաեւ մէկ քաղաքացիական անձ, վիրաւորուած է մէկ քաղաքացի։