Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղիկներ խոնարհեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ: