Յանուն սիրոյ եւ հացի ... Պէյրութը կը պայքարի

  Յանուն սիրոյ եւ հացի ... Պէյրութը կը պայքարի

Օրսըստօրէ աւելիով կը նեղնայ  այն ծանր օղակը, որ նետուած է Լիբանանի վզին։

 Այլեւս անիմաստ է խօսիլ տնտեսական տագնապին մասին, երբ նոյն այդ տագնապը յաջողած է երկրի տարբեր ոլորտները «ներսէն» խարխլել։

Ու այս բոլորին առընթեր ծանր պայքար մըն է, որ կը մղեն Լիբանանի մեր հայրենակիցները, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ կը պայքարին յանուն «Սիրոյ եւ հացի»։

Այս բոլորին մասին կը խօսի մեկնաբան Սագօ Արեանը, որուն կարծիքով Լիբանանի այսօրուայ տագնապալի դրութիւնը հետեւանք է երկար տարիներու մեծ բացթողումներուն։

Տեսանիւթին մէջ իր վկայութիւնը կը բերէ  Հայ Կաթողիկէ  Լիբանանի թեմի օգնական եպիսկոպոս Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ  կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ համայնքային մարմիններ մեծ ճիգեր կը գործադրեն հասնելու համար բոլոր առումներով դժուարին վիճակի մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն։

 Մնացեալ մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։

 Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։