image

Յակոբ Լատոյեան ընտրուած է Լիբանանի իրերօգնութեան սնտուկներու սենտիքայի վարչութեան անդամ

 Յակոբ Լատոյեան ընտրուած է Լիբանանի իրերօգնութեան սնտուկներու սենտիքայի վարչութեան անդամ

ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ուրախ է յայտարարելու, որ Լիբանանի իրերօգնութեան սնտուկներու սենտիքայի ընտրութեան ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն պրն. Յակոբ Լատոյեան ընտրուեցաւ վարչութեան անդամ եւ վարչութիւնը իր կարգին զինք ընտրեց դիւանի անդամ իբրեւ գանձապահ:

Այս առիթով վարչութենէն պատուիրակութիւն մը ուրբաթ, 1 օգոստոս 2025-ին հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նոր նախագահ տոքթ. Էլիաս Շլալայի հետ «Բժիշկի տուն» կեդրոնին մէջ:

Հանդիպումին սենտիքայի ատենապետ պրն. Ղասսան Տաու ներկայացուց իրերօգնութեան սնտուկներուն դերը Լիբանանի մէջ եւ պետութեան հիւանդանոցային ծախսերու բեռը պակսեցնող իբրեւ օղակ անցնող տարիներուն կատարուած սպասարկութիւններու պատկերը:

Այս առիթով տոքթ. Շլալա գնահատեց իրերօգնութեան սնտուկներուն կատարած աշխատանքները եւ դերը լիբանանեան ընկերութեան մէջ: Ան շեշտեց, որ բժիշկներու սենտիքային հետ գործակցութիւնը շատ անհրաժեշտ է բժիշկ-իրերօգնութեան սնտուկներ կապը գալիք աշխատանքներու եւ ծրագիրներու իրագործման համար:

Յիշենք, որ իրերօգնութեան սնտուկներու նոր վարչութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, գիւղատնտեսութեան եւ առողջապահութեան նախարարներուն հետ: