image

Յակոբ Չոլաքեան. «Կարմիր շուկայի աղջիկը»

Յակոբ Չոլաքեան. «Կարմիր շուկայի աղջիկը»

  Բնիկ՝ քեսապցի  մտաւորական՝  Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝

Ինչե՜ր կը պատահին երբեմն։ Անշուշտ դասարանին մէջ, որովհետեւ, ինչ մեղքս պահեմ, ուսուցիչին համար դասարանէն դուրս նորութիւն չկայ։ Ուսանողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ոչ իսկ միտքէդ կ՛անցնի, թէ այս կամ այն ուսանողը իր հագուստ-կապուստով ինչո՛վ կը տարբերի միւսերէն․ արտառոց, արտասովոր բան աչքի չի զարներ, որովհետեւ ամեն ինչ պարկեշտութեան սահմաններուն մէջ է։

Ու հարցում մը ուղղելու համար՝ նայուածքս կը պտտցնեմ դասարանին մէջ, կը բռնեմ այս մէկը, որ գլխարկ ունի․ միայն ինք։ Եւ գլխարկն ալ  պիտի չնկատէի հաւանաբար, եթէ ան ինծի չյիշեցնէր անցեալ դարու յիսուն-վաթսունական թուականներու խորհրդային քաղաքական դէմքերու գործածած գլխարկը, որ ինծի ծանօթ էր այդ տարիներու լրագիրներէն։

Հարցումս ուղղելէ առաջ պէտք կը զգամ փոքրիկ հաճոյախօսութեամբ մը տրամադրութիւնները թարմացնել։

- Այդ գլխարկը  քեզի շատ վայելած է,- կ’ըսեմ։

Ժպիտ մը ու

- Մեծ հօրս հօր գլխարկն է,- կը պատասխանէ աղջիկը։

Պատասխանը նոյնքան անակնկալ է։ Հաւանաբար տրամաբանական ըլլար, որ տնային պայմաններու մէջ աղջիկ մը, մօր կամ մեծ մօր գլխարկը, հագուստն ու կօշիկը հագած, հայելիին առջեւ անոնց տուած շնորհքը փնտռէր իր վրայ, բայց աղջիկ մը, մեծ հօրը հօր գլխարկը գլխուն զետեղած համալսարան գա՞ր․․․

-Ռայա, դուն ո՞րտեղացի ես,- հարցուցի։

-Արցախէն, Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ գիւղէն,- պատասխանեց Ռայա։

- Իսկ այս գլխա՞րկը…

-Այո՛, այո՛, մեծ հօրս հօր գլխարկն է,- ըսաւ,- Իշխան Պետրոսեանի գլխարկը, Կարմիր Շուկայէն․․․

Այդ անձնանունն ու տեղանունը այնպէս արտասանեց, որ ես պահ մը մոռցայ գլխարկը։ Ի՞նչ շեշտ կար այդ երկու անուններու արտասանութեան մէջ, որ փշաքաղում մը պատճառեց ինծի։ Ես զգացի, թէ  այստեղ հինը նորաձեւութեան վերածելու խնդիր չունի այս աղջիկը, բան մը, որ այնքան շատ կը տեսնենք փողոցը։ Այստեղ արժանապատուութեան խնդիր մը կը նկատեմ, հինի հանդէպ յարգանքի, սիրոյ եւ հաւատքի խնդիր մը, որ միշտ կը նորոգուի, չի խամրիր, չի հիննար, շարքէ դուրս չի գար․․․

Այս գլխարկը Ռայային համար ունի խորհուրդ մը, որ լուսապսակի պէս կը բոլորուի անոր գլխուն շուրջ։

Ու ես պատկերացուցի, որ Ստեփանակերտի կից, դէպի Պապիկի եւ Մամիկի յուշարձան բարձրացող մեծ հօրը հօր փոխարէն հիմա այս ուխտակիր ծոռնուհին կը բարձրանայ՝ Ռայան, Արցախի Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ գիւղէն։

Արժանապա՛տուօրէն։

2022