Վրաստանի Ռուսթավի քաղաքի շուկային մէջ հրաձգութիւն տեղի ունեցած է, կան զոհեր եւ վիրաւորներ, յայտնած է Ռուսթավի 2 հեռուստաընկերութիւնը։
Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով՝ կրակ բացողը 1988 թուականին ծնած տղամարդ է։
«Սպանուած է 4 մարդ, այդ շարքին՝ կրակողի՝ շուկային մէջ աշխատող հօրեղբայրը, վիրաւորուած է մէկ մարդ՝ կրակողի հօրեղբօր որդին», - աւելացուցած են վարչութեան մամուլի ծառայութենէն։
Կասկածեալը տեղւոյն վրայ բերման ենթարկուած է։