image

Վտանգաւոր զարգացում Լիբանանի սահմանին. Գրանցուած են վիրաւորներ (Տեսանիւթ)

  Վտանգաւոր զարգացում Լիբանանի սահմանին. Գրանցուած են վիրաւորներ (Տեսանիւթ)

Վտանգաւոր զարգացում մը գրանցուած է Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Ալ Նահար»ի կայքէն։

 

 Կը նշուի, որ երկու-երեք անծանօթներ մօտեցած են Իսրայէլը-Լիբանանէն բաժնող երկաթեայ ցողերուն (փշաթելերուն), որմէ ետք ալ գրանցուած է պայթում մը։

Իսրայէլեան բանակի բանբեր՝ Ավէխայ Ատրոհի իր կարգին մեկնաբանած է եղածը նկատել տալով, որ «կասկածելի անձեր մօտեցած են մեր սահմանին, որուն իբրեւ հետեւանք իսրայէլեան ուժեր պիտանի կարգադրութիւններ ձեռք առած են»։

Ատրոհի չի նշեր, թէ ովքեր կրնան եղած ըլլալ այդ «կասկածելի» անձերը, մինչ լիբանանեան «Ալ Նահար» կը գրէ, որ պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած են լիբանանեան «Հըզպալլա»ի անդամներ։

 Նշենք, որ այս  դէպքը  արդէն երրորդն  է  մէկ շաբթուայ ընթացքին,  եւ  շրջանային դէտեր ուշի ուշով կը հետեւին եղածներուն նշելով, որ համընդհանուր տագնապի մը բոլոր դրոյթները առկայ են, բայց եւ այնպէս իրավիճակը կը շարունակէ մնալ վերահսկողութեան տակ։