image

Վստահ եղէք, որ պատմութիւնը պիտի գրէ ձեր մասին...

  Վստահ եղէք, որ պատմութիւնը պիտի գրէ ձեր մասին...

Վստահ եղէք Հարց չկայ, ապրեցէք, քէֆ ըրէք, ճաշկերոյթ-պարահանդէսներ ալ կազմակերպեցէք շահութաբեր, ձեզ խանգարող ալ չկայ. բայց պատմութիւնը պիտի գրէ, որ Եռաբլուրի ստեղծուած եւ ընդլայնուած օրերուն, դո՛ւք, քէֆի մէ՛ջ էիք, եւ այդ կը ցուցադրէիք ճի՛շդ այնպէս ինչպէս՝ Եռաբլուրը ստեղծողները։ Պատմութիւնը պիտի գրէ ձեր մասին, ձեր ըրածին մասին, չկասկածի՛ք։

 

Լիբանանահայ օգտատէր եւ հրատարակիչ՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝

Երկու օր է, սովորական չափէն աւելի ժամանակով կը պտըտիմ ընկերային ցանցերու տարբեր ալիքներու վրայ, ուր հրապարակուածներուն 10-էն եօթը՝ քէֆ է, երկուն՝ ամանորեայ շնորհաւորանք, 1-ը արցախեան թեմա։

Քէֆ ընողները անխնայ են, թէ՛ իրենք իրենց հանդէպ, թէ՛ մեր։ Երբեք փորձա՞ծ էք այդ քէֆի տեսերիզները առանց ձայնի (mute) դիտել, եթէ ոչ, խնդրեմ փորձէք։ Փորձեցէք, եւ տեսակ մը տարբեր պիտի տեսնէք ցատկռտող, բզկտուող երգող-պարողներու ժիր, ուրախ, հպարտ եւ խանդավառ անհոգ շարժուձեւեր ընողները: Ապա ասոնց վրայ աւելցուցէք մեղրաթաթախ շնորհաւորանքները եւ ոսկեայ երիզներով տօնածառի բացիկները բազմահազար, եւ մինչեւ արցախեան թեմայովները վրայ հասնին, մտէք այդ շփոթին մէջ թէ՝ իրօ՞ք այդ քէֆի պատկերները, յաղթական ժպիտները, յախուռն եւ ցուցադրութենէն չվախցող գինովները Ստեփանակերտէ՞ն կը սփռեն իրենց նկարները, թէ՞ Հատրութէն. Շուշիէ՞ն է անոնց տժժոցը թէ՞ Մարտունիէն. արդեօ՞ք Գանձակը ազատագրած են անոնք, թէ՞ Պաքուն արդէն կցած են Արցախին։ Հոլիուտեան «կինօ»նե՞ր էին հայ զինուորներուն գլխատումն ու կին զինուորներու յետ մահու պղծումի ցուցադրումը, հինգ հազար ջարդուած հայ հերոսներու արիւնը արդէն չորցա՞ծ է, անոնց վրէժը առնուա՞ծ է արդեօք. բեմականացուա՞ծ էր անտառին մէջ հայ ծերուկ պապիկին գլխատումի տեսերիզը, Ստեփանակերտի վրայ ազրպէյճանի դրօշ բարձրացած չէ՞ միթէ, անոր բռնակալը չէ՞ հայոց եռագոյնին վրայ կոխելով որ կը բարձրանար հայոց կառավարութեան շէնք, անոր ոտքին տակ հազարամեայ յուշակոթողները եւ հերոսներու շիրիմները չե՞ն որոնք ծակ-ծակ եղած եւ խոշտանգուած-տապալուած են անոնց վրայի խաչքարերը, Արցախի խորհրդանիշ Պապիկ Մամիկը, Շուշին իր Ղազանչեցոցով եւ Կանաչ Ժամով, հերոսական հրասայլով, Չդրտուզով, Քարվաճառը իր գետերով, Գանձասարը դարաւոր, Դադիվանքը, Ամարասը, Բերձորի ոլոր-մոլոր դրախտը... դարերով ազատութեան խորհրդանիշ ինքնիշխան Արցախը բռնաբարուելէ ետք յանձնուած չէ՞ թշնամիին, Արցախը պարպուած չէ՞ միթէ, Եռաբլուրը գոյութիւն չունի՞։ 

Ունի՞, եթէ ունի, ի՞նչ է Եռաբլուրը։ Ինչպէ՞ս գոյացած է Եռաբլուրը։ Եռաբլուրը գերեզմա՞ն է սոսկ, ուր անբախտներ են թաղուած, եւ դուք՝ քէֆ ընողներ, բախտաւոր էք եւ պիտի ապրի՞ք։ Իրար պիտ շնորհաւորէ՞ք ալ, որովհետեւ կեանքը պիտի շարունակուի՞։ Ձեր կեանքը պիտի շարունակուի, Եռաբլուրի, անգերեզմաններու, անհետ կորածներու, ռազմագերիներունը՝ ո՞չ։

Հարց չկայ, ապրեցէք, քէֆ ըրէք, ճաշկերոյթ-պարահանդէսներ ալ կազմակերպեցէք շահութաբեր, ձեզ խանգարող ալ չկայ. բայց պատմութիւնը պիտի գրէ, որ Եռաբլուրի ստեղծուած եւ ընդլայնուած օրերուն, դո՛ւք, քէֆի մէ՛ջ էիք, եւ այդ կը ցուցադրէիք ճի՛շդ այնպէս ինչպէս՝ Եռաբլուրը ստեղծողները։ Պատմութիւնը պիտի գրէ ձեր մասին, ձեր ըրածին մասին, չկասկածի՛ք։

Եւ յետոյ պատմութիւնը պիտի գրէ վրէժ առնողներո՛ւն մասին։ Անոնք պիտի ըլլան վերի քէֆի անձայն տեսերիզները եւ թշնամիին ԱԹՍ-ով հայ զինուր սպաննելու անձայն տեսերիզները նոյն լրջութեամբ զննողները։

Մինչ այդ, եղածը տարեթիւի մը փոփոխութիւն է միայն։ Իսկական շնորհաւորանքը՝ մի՛այն Շուշիէն, բարեմաղթանքը մի՛այն Գանձասարէն, Նոր տարուայ գալուստի աւետիսը մի՛այն Դադիվանքէն, Խթման գիշերուան նշումը միայն Ամարասէն... չկասկածի՛ք։