Վրաստանի մէջ օգոստոս 1-ին ուժի մէջ մտած է «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը, որ երկրի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր առաջացուցած է։ Իրաւական կանոնը կը պարտաւորեցնէ հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն, որոնք իրենց եկամուտներու առնուազն 20 տոկոսը կը ստանան արտերկրէն, գրանցուիլ Հանրային գրանցամատեանի ազգային գործակալութեան մէջ։
Օրէնքով ընդգրկուած կազմակերպութիւնները պարտաւոր են ամէն տարի Արդարադատութեան նախարարութիւն ներկայացնել եկամուտներու եւ ծախսերու յայտարարագիր: Այդ պահանջներէն խուսափողներուն կը սպառնայ 25 հազար լարի (մօտ 8,5 հազար եւրօ) տուգանք։
Վիճայարոյց օրէնքի ընդունումն առաջացուցած է վրացական ընդդիմութեան վրդովմունքը, ուղեկցուած է բողոքի ցոյցերով: «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը քննադատած են Եւրոմիութիւնն ու ԱՄՆ-ը։ ԵՄ երկիրներու ղեկավարները կասեցուցած են Վրաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացը եւ սառեցուցած 30 միլիոն եւրօն, որ նախատեսուած էր Թիֆլիսին՝ պաշտպանական ոլորտի մէջ:
Իր հերթին, ԱՄՆ-ը վիզային արգելքներ մտցուցած է վրացի շարք մը քաղաքական գործիչներու եւ իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներու համար, ինչպէս նաեւ յայտարարած է Վրաստանի հետ համագործակցութեան վերանայման մասին։ Մասնաւորապէս, Ուաշինկթընը դադրեցուցած է 95 միլիոն տոլարի օգնութիւնը Թիֆլիսին եւ անորոշ ժամանակով յետաձգած Վրաստանի հետ «Արժանի գործընկեր» համատեղ զօրավարժութիւնները։
Վրաստանի կառավարութիւնը, սակայն, պնդած է, որ «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը կ՚ամրապնդէ պետական ինքնիշխանութիւնը եւ կը նուազեցնէ հասարակութեան բեւեռացումը։