Թիֆլիսի մէջ յատուկ ջոկատայինները ջրցան մեքենաներ կիրառած են խորհրդարանի դիմաց կատարուած ցոյցը ցրելու համար: Հաւաքուածները բողոքած են օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծի ընդունման դէմ։
Աւելի վաղ յատուկ ջոկատայինները քանի մը անգամ արցունքաբեր կազ կիրառած էին։
«Յատուկ ջոկատայինները կիրառած են ջրցան, նաեւ արցունքաբեր կազ կը կիրառեն ցոյցը ցրելու համար»,- հաղորդած է «Ռուսթավի 2» հեռուստաընկերութիւնը։
Վրաստանի նախագահը չեղարկած է Նիւ Եորքի իր հանդիպումները եւ ուղերձով պիտի դիմէ ժողովուրդին։
Այդ մասին յայտնած են Վրաստանի նախագահի նստավայրէն:
Նշենք, որ 7 մարտին, Վրաստանի խորհրդարանը առաջին ընթերցմամբ ընդունած է «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» վիճայարոյց օրէնքը։
Վրաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը այդ օրը «սեւ օր» համարած է Վրաստանի ժողովրդավարութեան համար։ Օրինագիծը քննադատող Վրաստանի ընդդիմութիւնը, մտաւորականները, միջազգային կառոյցները կը գտնեն, որ այդ օրէնքը Վրաստանի մէջ կը սահմանափակէ ազատութիւնները։
Առաջին ընթերցման պիտի յաջորդեն երկրորդ, ապա երրորդ ընթերցմամբ ընդունելու քուէարկութիւնները, բայց հաշուի առնելով ձայներու մեծ տարբերութիւնը, կ'ենթադրուի, որ օրէնքը վերջնականապէս ընդունուի։
Օրինագիծին կողմ քուէարկած է 76 պատգամաւոր, դէմ՝ 13։