image

Վրաստանի հասարակութիւնը վճռական է եւ պիտի պայքարի մինչեւ վերջ.Գէորգի Թումասեան

Վրաստանի հասարակութիւնը վճռական է եւ պիտի պայքարի մինչեւ վերջ.Գէորգի Թումասեան

Վրաստանի Խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած օրինագիծը մեր հասարակութեան համար ազդանշան էր, որ երկրին մէջ կը մտնենք նոր փուլ մը, որ կը նշանաւորուի Եւրոպական Միութիւնէն հեռացումով եւ այդ պատճառով ալ հազարաւոր ցուցարներ փողոց իջան եւ արտայայտեցին իրենց դժգոհութիւնը»,- այսօր այս մասին «Արեւելք»ին յայտնած է վիրահայ հասարակական գործիչ Գէորգի Թումասեանը։

Թումասեան խօսելով մեկնաբան Սագօ Արեանին հետ նաեւ նկատել տուաւ, որ այս քայլերը կը կատարուին ունենալով մէկ նպատակ, որ Վրաստանը շեղել իր հունէն եւ վերադարձնել ռուսական ուղեծիրին եւ անշուշտ տարուածը ռուսական քաղաքականութեան արդիւնք է։

 Թումասեան, որ աշխուժօրէն կը մասնակցի ընթացող գործընթացներուն նաեւ նկատել տուաւ, որ Վրաց ժողովուրդը շատ վճռական է եւ պիտի երթայ մինչեւ ծայր ու մերժէ բոլոր տեսակի ճնշումները։

 

 Աւելի մանրամասն ՝տեսանիւթով