Օրերս Պոլիսէն ուրախ լուր մ՚ըստացանք։
Տարօն եւ Դանիա կնքած են իրենց ամուսնութիւնը եւ Սուրբ Պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է հայաշատ Սկիւտար շրջանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու, ընկերներու եւ բարեկամներու։
Ուրախութիւնն այն է, որ նորապսակները ընտրած են հայկական աւանդական ընտանիք մը եւս աւելցնել Պոլսոյ սիրելի համայնքին։
Մինչ Տարօն յարգուած եւ տաղանդաւոր ոսկերիչ է, անդին հարսքոյրը՝ Դանիա կը գործէ իտալական ընկերութեան մը մէջ եւ ունի պատուական դիրք։
Նորապսակներուն կնքահայրութիւնը ստանձնած են Արէն եւ Արտա Մատաթեանները։
Յիշեցնենք, որ Տարօն որդին է պոլսահայ համայնքէն ներս յարգուած անուն հանդիսացող Տիար Կարօ Գաբրիէլեանին։
Մեր խնդակցութիւնները։