image

Ուքրանիան հարուածած է Պելկորոտը. կայ 5 զոհ,18 վիրաւոր

Ուքրանիան հարուածած է Պելկորոտը. կայ 5 զոհ,18 վիրաւոր

Փետրուար 15-ի ցերեկը Ուքրանիոյ զինուած ուժերը հարուածած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Պելկորոտի քաղաքացիական կառոյցները։ Ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը յաջողած են որսալ եւ ոչնչացնել 14 արկ, գրած է ԹԱՍՍ-ը։

Ուքրանիոյ զինված ուժերու յարձակման հետեւանքով, ըստ նախնական տուեալներու, զոհուած է հինգ մարդ, եւս 18-ը վիրաւորուած է։  Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հրթիռակոծութեան ժամանակ Պելկորոտի շրջանի տարածքին մէջ ոչնչացուցած են 14 RM-70 Vampire MLRS հրթիռ։

Պելկորոտի մէջ վնասուած է եօթ մասնաւոր տնային տնտեսութիւն, հինգ բազմաբնակարան շէնք, հինգ մեքենայ, մէկ խանութ: