Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ատրպէյճանի ղեկավարութեան՝ Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան մշտական աջակցութեան համար։ Այդ մասին Ատրպէյճանի խորհրդարանի արտահերթ նիստին յայտարարած է Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի փոխնախագահ Օլենա Քոնտրաթիւքը։
Ան վստահեցուցած է, որ Ուքրանիան անվերապահօրէն կ'աջակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, անոր միջազգայնօրէն ճանաչցուած սահմաններուն։
«Յատուկ շնորհակալութիւն էթնիք ատրպէյճանցիներուն, որոնք Ուքրանիոյ զինուած ուժերու շարքերուն պայքարեցան մեր ազատութեան համար եւ իրենց կեանքը տուին։ Մենք երբեք չենք մոռանար անոնց ներդրումը ռուսական յարձակման դէմ մեր համատեղ յաղթանակին»,- նշած է խորհրդարանականը։