Պատերազմ օր առաջին
Ճիշդ է, որ տակաւին Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին (Ի հարկէ այս տերմինը Արեւմտեան պլոքի անուանումն է, եւ ցաւօք մինչեւ այս պահը Ռուսաստան անուանում մը չտուաւ այս գործողութեան) ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ իր լրումին չհասաւ, բայց եւ այնպէս այս պատուհանով պիտի փորձեմ օրուայ կարճ ամփոփում մը ապահովել (անշուշտ տեղեկութեանց միացնելով վերլուծական փորձս)։
Ամենակրեւորն այն է, որ ՄԵԾ ՊԱՏԵԱՐԶՄԻ մը ընդհանուր վախը ութսուն տոկոսով վերացաւ ու պարզ է նաեւ, որ այդ վախի վերացման հետ տարբեր պետութիւններ եւ հասարակութիւններ սկսան աւելի «հանդարտ» աչքերով հետեւիլ դէպքերու ընթացքին։
Յստակ է նաեւ, որ Ռուսաստանի ռազմական առաւելութեան կարեւոր շերտերը երեւելի դարձան եւ Մոսկուան ընդամէնը տաս ժամուան մէջ հարուածեց եւ գետնի տակ առաւ Ութսունէ աւելի ռազմական կէտ ու կայան, որոնց մէջ ՏԱՍՆԸՄԷԿ ռազմական օդակայան։
Արեւմուտքը, որ մինչեւ երէկ պատրաստ էր հարուածել եւ մասնակից դառնալ այս պատերազմին բացայայտ կերպով (եւ նախագահ Պայտընի բերնով) յ յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ-ի ուժերը պիտի չմասնակցին Ուքրանիոյ մէջ ընթացք առած պատերազմական գործողութեանց, այլ պիտի զօրացնեն իրենց դաշնակից երկիրներու դիրքերը։
Ռուսաստան նախագահ Փութինի բերնով յայտարարեց, որ նպատակ չունին ամբողջ Ուքրանիան գրաւել եւ իրենց համար կենսականը սահմանային Տոնպասի շրջաններուն տիրապետելն է կարեւոր։
ԱՄՆ նշեց, որ Ռուսաստանի դէմ պատիժները պիտի շարունակուին եւ աւելցուին, հակառակ անոր որ «ՍՎԻՖԹ» համակարգին մասին խօսք չգնաց, այդ նաեւ կը նշանակէ, որ Ռուսաստանի հետ «խօսելու» բոլոր սենարները տակաւին չեն սպառած։
Քիէւի շուրջ գտնուոող մի քանի կարեւոր կեդրոններ անցան Ռուսաց զօրքերու տիրապետութեան տակ, սա կը նշանակէ, որ Քիէւը գրաւելը այդքան ալ դժուար չէ Մոսկուայի համար։
Անսպասելի քայլով մը, Ուքրանիոյ նախագահ ՝ Զէլէնսքին ըսաւ, որ իրենք պատրաստ են բանակցութեանց սեղան վերադառնալու։ Սա անշուշտ կը փաստէ, որ ինչ հալի է Ուքրանիան, մինչ միւս կողմէ պաշտօնական Լոնտոն համոզում յայտնեց,որ եթէ կարիք ըլլայ պատրաստ են Զէլէնսքին ընդունիլ, որպէս քաղապաստանեալ։
Արեւմուտքը ցոյց տուաւ, որ ինչքան անլուրջ, անվստահելի եւ փոփոխամիտ «տարր» է, իսկ Արեւելքը Ռուսաստանի կեցուածքով անգամ մը եւս փաստեց, որ պատմական խորք ունեցող պետութիւնները որքանով լուրջ են եւ սկզբունքի տէր։
Առաջին օրուայ ամենակարեւոր լուրն անշուշտ Ռուսաց ՊՆ-ի յայտարարութիւնն էր, որ իրենք կարողացան առաջին օրուայ բոլոր առաջադրանքները կատարել։
Իսրայէլ եւ մանաւանդ Թուրքիա սխալ կեցուածքները ունեցան, որոնց համար ալ շատ հաւանաբար կրնան հաշուի կանչուիլ։
ՀՀ իշխանութիւնները շուար վիճակի մէջ են եւ չեն գիտեր ինչ ըսել, ինչ-չըսել ու ատոր համար ալ կը սպասեն նախ. Սուրէն Պապիկեանի Մոսկուայէն վերադարձին։
Արաբական մամուլի (Սիւննի թեւը յատկապէս) սկսաւ փոխել Արեւմուտքին «ծառայելու» իր նախկին մօտեցումները եւ այդ մէկն անշուշտ կարեւոր նշան է, որ աշխարհը կը մտնէ նոր կարգավիճակի մը մէջ։
Չինաստանը եւ Իրանը հերթական անգամ ցոյց տուին, որ ազնուական պետութիւններ են, եւ իրենց համար «բարեկամին հետ, դժուար օրին եղիր» մօտեցումը ունի խորքային բնոյթ։ Ի հարկէ Փէքինի աստղը դեռ պիտի փայլի ու այդ մասին կարող եմ գրել այլ առթիւ։
Պատերազմը, որ կընթանայ շատ աւելի մեծ բախումներու առաջքը առնելու համար եղած գործողութիւն է, որ համեստ կարծիքովս պիտի աւարտի կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։