«Այն, ինչ կատարւում է ՀՀ անվտանգութեան եւ արտաքին յարաբերութիւնների ոլորտներում, կարելին է բնորոշել մէկ բառակապակցութեամբ՝ «լիակատար ձախողում»»։ Խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց նախընտրական ծրագրային դրոյթները ներկայացնելու ժամանակ այսպէս յայտարարեց «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան։
«Առաջին անհրաժեշտ գործողութիւնը, որ կատարելու ենք անվտանգութեան ոլորտում, զինուած ուժերի մարտունակութեան վերականգնումն է, ոչ թէ պատերազմի, այլ՝ արժանապատիւ խաղաղութիւն ապահովելու համար։ Այլ ճանապարհ ուղղակի չկայ»,- ըսաւ ան՝ նշելով, որ բանակը երկրի ողնաշարն է, եւ այն պէտք է ըլլայ ժամանակակից, արհեստավարժ եւ մարտունակ։
Ըստ Քոչարեանին՝ ԱԱԾ-ն պէտք է կրկին երկրի անվտանգութեան հարցերով զբաղի, այլ ոչ թէ յիմար յանձնարարութիւններ կատարէ։ «Այնտեղ ծառայում են բարձր փրոֆեսիոնալիզմ (արհեստավարժութիւն) ունեցող սպաներ, որոնց համար այդպիսի յանձնարարականները վիրաւորական են։ Միջոցներ ենք ձեռնարկելու, որպէսզի այլեւս երբեք թոյլ չտանք ԱԱԾ-ի փոխակերպումը քաղաքական հետախուզութեան»,- ըսաւ Քոչարեան։
Քոչարեանի նկատառումով, ոստիկանութիւնն ալ, ստեղծուած չէ մէկ պաշտօնեայի անվտանգ տեղաշարժը ապահովելու, կազմակերպելու, անոր քմահաճոյքները բաւարարելու եւ անոր հիւանդագին վախերը սպասարկելու համար։ «Մենք կը վերադարձնենք ոստիկանութիւնը բացառապէս Հայաստանի օրէնքներով նախատեսուած գործառոյթների դաշտ»,- ըսաւ Քոչարեան։
Ռոպերթ Քոչարեանի խօսքով՝ պատերազմի պարտութիւնը պէտք չէ սահմանափակէ մեզի պարտուածի բարդոյթով։ «Մենք ունենք արագ վերականգնման ներուժ եւ մենք կ'անենք ամէն ինչ, որպէսզի դա կենսական կարեւոր հարց դառնայ մեր դաշնակիցների ու առաջին հերթին՝ Ռուսաստանի համար»,- ըսաւ ան աւելցնելով,- «Մենք մեր դաշնակիցների հետ միասին ի վիճակի ենք պաշտպանել մեր շահերը»։
Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով․