image

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակէն խումբ մը անձինք ձերբակալուած են

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակէն խումբ մը անձինք ձերբակալուած են

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան՝ Երեւանի Աւան վարչական շրջանին մէջ գտնուող գրասենեակէն ձերբակալուած են խումբ մը անձինք՝ ընտրակաշառք ստանալու եւ բարեգործութեան արգելքը խախտելու դէպքերու առթիւ քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։

Այս մասին յայտնած են ՀՀ հակափտածութեան կոմիտէէն։

«Հաստատում ենք, որ ընտրակաշառք ստանալու եւ բարեգործութեան արգելքը խախտելու դէպքերի առթիւ քննուող քրէական վարոյթի շրջանակներում ձերբակալուել են մի խումբ անձինք։ Անհրաժեշտութեան դէպքում աւելի ուշ լրացուցիչ տեղեկատւութիւն կը տրուի»,- հաղորդած են Հակափտածութեան կոմիտէէն։

Աւելի վաղ տեղեկութիւններ շրջանառուած էին, որ իրաւապահները մտած են «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան՝ Երեւանի Աւան վարչական շրջանին մէջ գտնուող գրասենեակ, բերման ենթարկած խումբ մը անձինք։