image

Ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժին ներխուժելու դէպքով խուզարկութիւններ կատարած է շուրջ 40 վայրերու մէջ

Ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժին ներխուժելու դէպքով  խուզարկութիւններ   կատարած է շուրջ 40 վայրերու մէջ

ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Երեւանի վարչութեան Նոր Նորքի բաժին խումբ մը անձանց մուտք գործելու, սպառնալիքներ հնչեցնելու եւ պայթումի դէպքով քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս լայնածաւալ քննչական գործողութիւններ ու խուզարկութիւններ իրականացուած են։

«Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հետ զրոյցին այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը, մանրամասնելով, որ գործողութիւններն ընդգրկած են շուրջ 4 տասնեակ անձանց բնակարաններ եւ այլ վայրեր։

Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ կուսակցութիւնը իր էջին եւս յայտարարութիւն տարածած էր, որ խուզարկութիւն իրականացուած է կուսակցութեան խումբ մը անդամներու բնակարաններուն մէջ, այդ շարքին՝ Ժիրայր Սէֆիլեանի, Արա Պապեանի, Կարօ Եղնուկեանի, Աշոտ Պետրոսեանի, Վահագն Աւագեանի բնակարաններուն մէջ։ Խուզարկուած է նաեւ գնդապետ Վոլոտիա Աւետիսեանի տունը:

Յիշեցնենք, որ Քննչական կոմիտէն պարզած էր, որ Ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժին մուտք գործած երեք քաղաքացիներն ունեցած են հակաիշխանական հայեացքներ․ «Իրենց պահանջները կատարելուն հարկադրելու նպատակով, մարտի 24-ին՝ ժամը 17-ից 17.15-ն ընկած ժամանակահատուածում ապօրինի կերպով ձեռք բերած եւ իւրաքանչիւրի մօտ գտնուող ռազմամթերք հանդիսացող երկուական ձեռքի մարտական նռնակներով, մուտք են գործել Նոր Նորքի բաժնի վարչական շէնք։ Շէնքը պայթեցնելու սպառնալիքով վերջիններս ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններից պահանջել են ազատ արձակել իրենց համախոհներին, բացել հերթապահ մասի դուռը, իրենց տալ այնտեղ պահուող զէնքերը»։

Անոնք վնասազերծուած եւ զինաթափուած են Ոստիկանութեան եւ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ:

Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէէն ներս քրէական գործ հարուցուած է՝ ահաբեկչութեան յօդուածով։

Ահաբեկչութեան վերաբերեալ վարոյթով ձերբակալուած երեք անձերէն երկուքը կալանաւորուած են, երրորդ անձը կը շարունակէ կայուն բուժումը բուժհաստատութենէն ներս, անոր ձերբակալելու որոշում կայացուած է։

Նշուած երեք անձանց ներկայացուած է մեղադրանք՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 1-ին մասով (ահաբեկչութիւնը) եւ 335-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (խումբի կազմին մէջ հրազէնի, ատոր հիմնական բաղկացուցիչ մասերու, ռազմամթերքի եւ այլ նիւթերու, սարքերու, առարկաներու ապօրինի շրջանառութիւնը) նախատեսուած յանցաւոր արարքներ կատարելու համար։