image

«Հայու ծագումը միայն պատահական ծագում մը չէ, արեան հաշիւ չէ, ծիներու հաշիւ չէ, այլ գիտակցութեան հաշիւ է...».Բագրատ Էսդուգեան

«Հայու ծագումը միայն պատահական ծագում մը չէ, արեան հաշիւ չէ, ծիներու հաշիւ չէ, այլ գիտակցութեան հաշիւ է...».Բագրատ Էսդուգեան

Ես իրենց կ՚ուզեմ յիշեցնել, թէ այդ չափանիշով, որ իրենք կը նային, ուրեմն Կոմիտաս վարդապետն ալ կատարեալ իմաստով թուրք էր, որովհետեւ Կոմիտաս վարդապետ բացարձակապէս խնդիր չէ ունեցած ոչ թրքերէն լեզուին հետ, ոչ թուրք հասարակութեան հետ, ոչ թուրք երգ ու երաժշտութեան հետ, ընդհակառակը, միշտ ականջալուր եղած է այդ երաժշտութեան, բազմաթիւ թրքերէն երգեր մշակած է, որոնք մինչեւ այսօր, դիտումնաւոր, օրակարգէ հեռու կը պահուին վարդապետի երաժշտական ժառանգի մասին խօսելու ժամանակ. Հայաստանի շրջանակներէն կամ Սփիւռքէն մենք երբեք չենք լսեր արձագանգ, որ Կոմիտաս վարդապետ քրտերէն ժողովրդական երգեր մշակած, նոթագրած է, կամ թրքերէն երգեր մշակած, դաշնաւորած կամ յօրինած է։ Իսկապէս ալ, ատելութեան հոգեբանութենէն բխած, նողկալի ցեխարձակում մըն է այս մէկը, իրենց եթէ հարցնես, այսօր Փաշինեանն ալ թուրք է, իրենց եթէ  հարցնես ՝ Բագրատ Էսդուգեանն ալ թուրք է...։ Եթէ այդպէս պիտի չափենք, այո՛, ես հպարտութեամբ կրնամ ստանձնել թուրք ածականը, որովհետեւ իմ ապրած երկիրը Թուրքիան է, իմ լաւ տիրապետած երկրորդ լեզուն թրքերէնն է եւ թրքերէն մշակոյթի ահագին բաղադրիչներ ինծի համար շատ հոգեհարազատ են, ինչպէս բիւրաւոր հայերու համար։ 

 

 

 

Հրանդ Տինքի սպաննութեան 18-ամեակին առթիւ զրուցեցի  «Ակօս» պարբերականի հայկական էջերու գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի  հետ։

-Ի՞նչ խորհրդանիշ  կը ներկայացնէ  Հրանդի նահատակութեան օրը, ի՞նչ է պատգամը այդ օրուան։

Հրանդ Տինքի նահաատկութեան  պատգամը հետեւեալն է՝ խօսքի ազատութիւն, մամուլի գործիչներու ազատութիւն, անոնց  դէմ եղած  ճնշումներու վերացում։ ընդհանրապէս այս պահանջն է, որ իրեն յարմար գետին կը գտնէ 19 յունուարին, այսինքն՝ Հրանդի ոգեկոչումը բոլոր այս պահանջները բարձրացնելու համար յարմար առիթ մը ըլլալով կը դիտուի զանազան շրջանակներու կողմէ, ընդհանրապէս ընդդիմադիր շրջանակներու մասին է խօսքը, որոնք ամէն տարի բազմահազարներու մասնակցութեամբ կը մէկտեղուին «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ, ուր գնդակահարուած էր հիմնադիրը այդ թերթի՝ մեր սիրելի բարեկամ,  եւ ընկեր՝ Հրանդ Տինքը։

 

-Հրանդ Տինքը գաղափարի առաջամարտիկ մը չէր միայն, սովորական լրագրող մը չէր, այլ նաեւ ժողովուրդներու միջեւ խօսակցութեան հաւատացող մարդ էր. այսքան տարի անցաւ, Հրանդ Տինքի պատգամէն ի՞նչ մնաց այսօր Թուրքիոյ մէջ։

Նախ պէտք է նշեմ, Հրանդի մահէն ետք ահագին զանգուած մը, այս երկրի տարբեր քաղաքներէն եկած ահագին մարդիկ գիտակցելով իրենց նախնեաց հայ ինքնութեան, Հրանդի մահէն ետք այդ մէկը մեկնակէտ համարեցին է, եկան, դիմեցին Պատրիարքարան, ըսելով, որ մկրտուիլ կ՚ուզենք, անոնցմէ կարեւոր մէկ մասը  թերեւս մերժուեցաւ Պատրիարքարանին  կողմէ, բայց նոյնքան կարեւոր մէկ մասն ալ մկրտուեցան եւ վերադարձան իրենց նախնիներու երբեմնի ինքնութեան, այսինքն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամ դարձան։ 

 

-Եթէ մետալին միւս կողմը նայինք, նաեւ պիտի նկատենք, որ Հրանդը միանշանակ չէ ընդունուած հայկական շրջանակներու կողմէ, հայկական  Սփիւռքին կողմէ, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ։ Հրանդին մէջ շատեր «թուրք»  տեսան։  Այդ  բոլորի մասին ի՞նչ կը մտածէք։

Ես իրենց կ՚ուզեմ յիշեցնել, թէ այդ չափանիշով, որ իրենք կը նային, ուրեմն Կոմիտաս վարդապետն ալ կատարեալ իմաստով թուրք էր, որովհետեւ Կոմիտաս վարդապետ բացարձակապէս խնդիր չէ ունեցած ոչ թրքերէն լեզուին հետ, ոչ թուրք հասարակութեան հետ, ոչ թուրք երգ ու երաժշտութեան հետ, ընդհակառակը, միշտ ականջալուր եղած է այդ երաժշտութեան, բազմաթիւ թրքերէն երգեր մշակած է, որոնք մինչեւ այսօր, դիտումնաւոր, օրակարգէ հեռու կը պահուին վարդապետի երաժշտական ժառանգի մասին խօսելու ժամանակ. Հայաստանի շրջանակներէն կամ Սփիւռքէն մենք երբեք չենք լսեր արձագանգ, որ Կոմիտաս վարդապետ քրտերէն ժողովրդական երգեր մշակած, նոթագրած է, կամ թրքերէն երգեր մշակած, դաշնաւորած կամ յօրինած է։ Իսկապէս ալ, ատելութեան հոգեբանութենէն բխած, նողկալի ցեխարձակում մըն է այս մէկը, իրենց եթէ հարցնես, այսօր Փաշինեանն ալ թուրք է, իրենց եթէ  հարցնես ՝ Բագրատ Էսդուգեանն ալ թուրք է...։ Եթէ այդպէս պիտի չափենք, այո՛, ես հպարտութեամբ կրնամ ստանձնել թուրք ածականը, որովհետեւ իմ ապրած երկիրը Թուրքիան է, իմ լաւ տիրապետած երկրորդ լեզուն թրքերէնն է եւ թրքերէն մշակոյթի ահագին բաղադրիչներ ինծի համար շատ հոգեհարազատ են, ինչպէս բիւրաւոր հայերու համար։ 

Այս ցեխարձակումը մենք երկար տարիներէ ի վեր, յատկապէս պոլսահայոց հասցէին կը լսէինք դաշնակցական շրջանակներէ. դաշնակցական շրջանակներ պոլսեցիները կը համարէին որպէս թրքացած, եւ այս մէկը կ՚ըսէին պատճառաբանելով այն, որ ուրիշ տեսակ չէին կրնար պատկերացնել հայու գոյութիւնը Թուրքիոյ մէջ....։ Այդ ըսողները իրենց տան մէջ թրքական երաժշտութեան սիրահարներ էին,  իւրաքանչիւրը  իրարմէ կը խլէր թրքերէն լեզուով երգող երգիչներու ձայնապնակները՝ 1960-70-ական  թուականներուն, բոլորին մտքին մէկ անկիւնը թրքերէնը մնացած է։ Ցայսօր ես կը հանդիպիմ Լիբանանէն կամ Սուրիայէն շատ երիտասարդ, 20 տարեկան տղաներու, աղջիկներու, որոնք, այո, շատ լաւ հայերէնով մը  կ՚արտայայտուին, բայց թրքերէնի ականջնին բաւականին լեցուն է, ուրեմն կարելի չէ եղած այս մէկը ուրանալ։ Հայ ժողովուրդի մայրենի լեզուներէն մէկն ալ թրքերէնն է, որովհետեւ բազում հայեր կան, որոնք հայրենախօսութենէ դադրած են, թրքերէնով կ՚արտայայտուին, բայց այս երեւոյթը արգելք չէ որ անոնք հայ մնացած ըլլան, հայու ծագումը միայն պատահական ծագում մը չէ, արեան հաշիւ չէ, ծիներու հաշիւ չէ, այլ գիտակցութեան հաշիւ է։ Եթէ այդպէս նկատի կ՚ունենաք, այսօր Թուրքիոյ համայնքային կազմակերպութեան մէջ ոչ հայախօս հայերը գերակշիռ են, թաղականութիւններու կարեւոր մէկ մասը իրենցմէ կը բաղկանայ, այս իրողութիւնը եւս  պէտք է տեսնենք։ Եթէ Սփիւռքի մասին կը խօսինք, թող ամերիկահայերը իրենք  իրենց միջեւ  մէյ մը հաշիւ տեսնեն, թէ  իրենց որքանը հայախօս մնացած  է....։ Եթէ այդ համեմատութիւնը դնենք, կարծեմ թէ պոլսահայութիւնը բաւական բարձր դիրքի մէջ պիտի ըլլայ։ Բայց այստեղ խնդիրը այն  համոզումն է, որ  թրքերէնը թշնամիին լեզուն է, եւ հետեւաբար պէտք է հեռու կենալ. ո՛չ, մենք այս մէկը կը մերժենք, որովհետեւ մենք սովորական թուրք անհատը թշնամի չենք տեսներ, այս տարբերութեանը  պէտք է գիտակցիլ։ Մենք արդէն ունինք յստակ թշնամիներ. ինծի համար 1915-ին երիտթրքական կամ իթթիհատական առաջնորդները եւ այսօր Նաթանիահուն դոյզն իսկ տարբերութիւն չունին իրարմէ։ 1915-ին այդ իթթիհատական ոճրագործները հովանաւորող Գերմանիոյ կայսրը, Կայսեր Ուիլհամ կոչուածը, եւ այսօրուան Թրամփը, օրինակի համար, դոյզն իսկ տարբերութիւն չունին իրարմէ, այսօր ալ ժողովուրդներ խեղդամահ կ՚ըլլան, վայրագութիւն կը տիրէ ամենուրէք, եւ  իւրաքանչիւր  վայրագութեան էջը եթէ քիչ մը թղթատես, անմիջապէս կը տեսնես քաղաքակիրթ, եւրոպական քաղաքական գործիչներու դիմանկարները։ Հետեւաբար, մենք, այո, թշնամանալու բաւական դէմքեր ունինք, բայց ոչ մէկ հասարակ ժողովուրդ իմ թշնամիս է, ոչ մէկ հրեայ իմ թշնամիս է, բայց բոլոր այն հրեաները, որոնք այսօրուան Իսրայէլի վայրագ քաղաքականութեան ծրագրողներն են, բոլորն ալ  ոչ թէ միայն իմ, այլ մարդկութեան թշնամիներն են, այսօր պէտք է այդ մէկը գիտակցինք։ Մարդկութիւն կոչուածը ազգութիւններով բաժնուած բան մը չէ, այլ հասարակարգերով եւ շահի հեռանկարով դասաւորուած բան մըն է։ Այսօր աշխարհի մէջ կան մարդիկ, որոնք ուղղութիւն կու տան աշխարհի ընթացքին, եւ կան շատ աւելի լայն՝ 99 տոկոսը կազմող զանգուածներ, որոնք կը տուժեն այդ որոշումներէն. մենք այդ 99-ի միջեւ ազգային խտրականութիւն դնելու երբեք նպատակ չունինք։ Եթէ մէկը պիտի ըսէ թէ Բագրատը թուրք է, թող ըսէ, ես գիտեմ թէ ես ինչ եմ, Հրանդը գիտէր թէ ինք ինչ է, բայց մենք համաշխարհայնացում կոչուած հասկացողութեան արժէքն ալ գիտենք եւ այդ արժէքին մէջ մենք մեր հայ ինքնութիւնով մեր գոյութիւնը կը պահենք, եթէ պէտք է՝ կը պարտադրենք ալ, ինչպէս պարտադրեց Հրանդ եւ հատուցեց այդ պարտադրանքի փոխարժէքը։

 

-Հրանդ Տինքի սպանութիւնէն  18  տարի անց, ինչ կրնաք ըսել  անոր «սպանութեան գործ»ի  դատավարութեան մասին։ Ի՞նչ   տեղեկութիւններ կրնաք տալ մեր ընթերցողներուն, ո՞ւր հասաւ 17 տարի տեւած դատավարութիւնը՝ Հրանդ Տինքը սպանողներուն, որճրագործներուն, եւ դուք միշտ կը շեշտէք, իրական ոճրագործին պէտք է հասնիլ։

Ոճիրի պատուիրատուին պէտք է հասնիլ, այս մէկն ալ արդէն Հրանդի յիշատակման օրերուն ընդունուած կարգախօս եղաւ. հետեւեալ վանկարկումները կ՚ըսէին «օլտիւր տիէնլեր եարկըլասըն», այսինքն՝ «թող դատուին անոնք, որոնք «Սպաննէ՛» հրահանգեցին»։ Մենք գիտենք թէ մինչեւ այսօր այդ հրահանգը տուողները այդ սպանութեան ծրագիրը մշակողները անյայտ կը մնան. ժողովուրդին դիմաց դրին միայն ոճրագործը, որ 16 տարի բանտարկուած մնալէ ետք, այսօր ազատ արձակուած է, իր անմիջական գործընկերները աւելի ծանր պատիժներ առին, եւ Հրանդ Տինքի սպաննութեան դատավարութիւնը կարծես թէ այդքանով արդէն աւարտին հասաւ։ Իսկ այսօր տակաւին նոյն ոճիրի շրջանակին մէջ կը շարունակուի դատավարութիւն մը, որ այլեւս Հրանդի սպաննութեան հետ ուղղակի առնչութիւն չունի, այլ այսօրուան գործող կառավարութեան իրեն դէմ հակադրուած կարգ մը շրջանակներու հետ հաշիւ տեսնալն է խնդիրը. երբեմնի նախկին ոստիկանապետներ կամ բարձրաստիճան սպաներ կամ լրաքաղութեան բաժնի աշխատակիցներ տակաւին կը դատուին, անոնցմէ մէկ մասը վերջերս շատ ծանր, ցկեանս բանտարկութեան պատիժներ ստացան, ոմանք անպարտ հռչակուեցան, պարզապէս անցնող ժամանակահատուածը նկատի ունենալով, եւ այդ դատավարութիւնը այլեւս մեզի համար էական նշանակութիւն մը չունի։

 

- Թուրքիան շատ մը եղելութիւններէ անցաւ, այսքան երկար պայքարէ ետք, տարբեր տեսակի Թուրքիա մը կար մեր աչքերուն առջեւ, ճիշդ է Հրանդը խլուեցաւ մեզմէ, բայց Թուրքիոյ մթնոլորտը, միջավայրը ուրիշ էր։ Այսօր, այդքան տարի անց, դէպի ո՞ւր կ՚ուղղուի Թուրքիան։

Թուրքիան համաշխարհային հոսանքին զուգահեռ ուղղութիւն մը բռնած է, որն է՝ թշնամութիւն սերմանել, որն է՝ խառնակութիւն սերմանել, որն է՝ ուրիշ երկիրներու խնդիրներուն միջամուխ ըլլալ, եւ այսպիսով ալ համաշխարհային բեմահարթակին վրայ համաշխարհային խաղացող մը դառնալ, այս է Թուրքիոյ ձգտումը, որովհետեւ այսօր իշխող կառավարութեան պատկերացումներով միգուցէ իրենք պիտի երազեն թէ՝ արդեօք կրնանք Օսմանեան կայսրութիւնը վերակերտել, արդեօք պիտի կրնանք Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան տարածքին նման մենք ալ տարածքներուն վրայ մեր խօսքը պարտադրել. ասոր ամենայստակ ցոլացող երեւոյթը նախ եւ առաջ  Սուրիան է։ Սուրիոյ ներքին խռովութիւններուն Թուրքիան անմիջապէս միջամտեց, անշուշտ ոչ միայն իր կամքով, այլ արեւմտեան աշխարհի թելադրանքով. յիշենք այդ ժամանակ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները բոլորն ալ Ասատի դէմ դիրք բռնեցին եւ ամէն միջոցով այդ ուղղութեամբ աջակցեցան Թուրքիոյ, եւ Թուրքիան միջազգային ահաբեկչութեան դէպի Սուրիա հասնելուն մէջ բաց ճամբայ դարձաւ, Կեդրոնական Ասիայէն, Չէչէնիայէն, Աֆղանիստանէն մարդիկ Թուրքիոյ միջոցաւ հասան Սուրիա եւ վերջաւորութեան տեսանք, որ Թուրքիան այդ զինուորներով բանակ մը կառուցած է, անունը դնելով «Սուրիոյ ազատ բանակ», եւ թոշակ տրամադրած է այդ մարդկանց, այսինքն վարձկան զինուորներու բանակ, եւ այսպէս ալ միջամուխ եղած է Սուրիոյ ներքին խառնակութեան, չըսելու համար որ ինք ուղղակի ստեղծեց այդ խառնակութիւնը։ Անշուշտ եւրոպական ծրագիր մըն էր եղածը՝ «արաբական գարուն» անուան տակ, որ Իսրայէլին զօրակցելու Արեւմուտքի հիմնական կեցուածքն էր, եւ հիմա Իսրայէլի համար գլխաւոր ռազմական վտանգ հանդիսացող երկիրը չէզոքացուցին։ Աստուած պահէ Իրանը։

 

-Այսօր Պոլսահայ շրջանակներու մէջ երբ Հրանդի մասին խօսակցութիւն երթայ, արդեօք վախի մթնոլորտ մը կա՞յ ներկայիս։

Այո, վախի մթնոլորտը կը տիրէ հետզհետէ երկրին մէջ, որովհետեւ այսօրուան գործող իշխանութիւնը շատ կամայական ձեւով ցանկացած անձին դէմ դաւադրական խնդիրներ կրնայ յարուցել։ Այսօր անհաւատալի համեմատութեան մը հասած է նախագահը նախատելու մեղադրանքով բանտարկուած մարդոց թիւը, մարդիկ ընկերային ցանցերու մէջ պզտիկ գրառում մը կը կատարեն, որու հետեւանքով բերման կ՚ենթարկուին, երբեմն անչափահասներն ալ, հետեւաբար, բողոք արտայայտելը ռիսք պարունակող բան մը դարձած է Թուրքիոյ մէջ, իսկ հայերս, առհասարակ, այս երկրին վախկոտ տարրերէն կը համարուինք, մեզմէ աւելի վախկոտ է ասորիները, մեզմէ աւելի վախկոտ են հրեաները, բայց մենք ալ, որպէս ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւն, միշտ վախկոտ եղած ենք այս երկրին մէջ։ Հրանդը առաջինն էր, որ, միգուցէ, այդ վախի մթնոլորտը փարատեց եւ գլուխը վեր առնելով հաշիւ պահանջեց՝ յանուն արդարութեան, յանուն համաշխարհային արդարութեան, յանուն մարդկութեան, եւ անշուշտ՝ յանուն հայ ժողովուրդին։ Այդ ժամանակ ալ Հրանդի այդ ելոյթներէն անհանգիստ եղող հայեր ալ կային, կային հայեր, որոնք կ՚ըսէն, թէ՝ «ինչու համար մեր հանգիստը կը խանգարեն այս մարդիկը», «ինչ լաւ է որ մենք ունինք Գընալը կղզի», «ինչ լաւ է որ այստեղ աշխարհի ամենահամեղ ձուկը կ՚ուտենք», «ինչու համար մեր առօրեայ այս կենցաղը պիտի վտանգուի արդարութեան պահանջով մը». այսպէս մտածող հայեր քիչ չէին անշուշտ, այսօր ալ քիչ չեն, մի գուցէ։

 

-Վերջին խօսք մը. այսքան ճանապարհ անցած էք Հրանդ Տինքի հետ, ընկերներ եղած էք, նոյն գաղափարները կրող եղած էք, այսօր եթէ ձեզի Հրանդ Տինք ըսեն, առաջին անգամ ի՞նչը կը յիշէք։

Հրանդ Տինք որ ըսեն, ես առաջին անգամ, հաւանաբար, անկեղծութիւնը պիտի յիշեմ, մարդկային ջերմ ոգին  կը յիշեմ, եւ՝ այն մարդը, որ խօսակիցը յափշտակելու, խօսակիցը գրաւելու յատկութիւն ունէր։ Իրեն այդ անկեղծութիւնը անմիջապէս կը ցոլանար նաեւ անոր վարքին, շարժուձեւերուն մէջ։ Հրանդը ոչ միայն լեզուով կը խօսէր, այլ կը խօսէր աչքերով,  ան կը խօսէր ձեռքերով, գրկաբաց իր ժեսթերով, եւ ոչ ոք կրնար անտարբեր մնալ Հրանդի հանդէպ, իսկոյն շատեր կը պարտուէին, չէին կրնար հակաճարել, կ՚ըսէին՝ «այո, մենք քեզ հասկցանք, բայց դուն ալ գիտես որ բոլորը քեզ նման չեն»։ Հրանդը յատուկ երեւոյթ էր, մագնիսացնող ուժ ունէր, եւ այդ ուժը կու գար իր անկեղծութենէն։

 Սագօ Արեան 

 

 «Ապագայ» շաբաթաթերթ/ Մոնթրէալ

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...