image

«Ոչ թէ միջանցք, այլ երթուղի». Զախարովայէն՝ սլաք

«Ոչ թէ միջանցք, այլ երթուղի». Զախարովայէն՝ սլաք

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ պատասխանած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի կազմակերպման ուղղուած ջանքերու մասին հարցին, ըսելով, որ Մոսկուայի մէջ կ'օգտագործուի «երթուղի» եզրոյթը, գրած է news.ru-ն։

Գերատեսչութեան ներկայացուցիչը յիշեցուցած է նաեւ Սոչիի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ գագաթնաժողովը։ Զախարովան ըսած է, որ առաջնորդները քննարկած են այդ տարածաշրջանին մէջ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման խնդիրը։

«Մենք կ'օգտագործենք «երթուղի» եզրոյթը։ Սոչիի մէջ կայացած գագաթնաժողովին քննարկուած է տարածաշրջանին մէջ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման խնդիրը»,- ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։

Ան աւելցուցած է, որ այս ուղղութեամբ աշխատանքները պիտի շարունակուին։ Այդ գործունէութիւնը պիտի իրականացուի երեք պետութիւններու փոխվարչապետներու համատեղ նախագահութեամբ գործող աշխատանքային խումբի ծիրէն ներս։