image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է տաղանդաւոր ծաղրանկարիչ՝ Մասիս Արարատեան

Ոչ եւս է տաղանդաւոր ծաղրանկարիչ՝ Մասիս Արարատեան

Լոս Անճըլըսի «Ասպարէզ»էն կը կարդանք՝

Չորեքշաբթի, 18 Յունուարին, 93 տարեական հասակին իր մահկանացուն կնքեց «Ասպարէզ»ի երկար տարիներու երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեան, որ տասնամեակներով մնայուն ներկայութիւն էր թերթին մէջ։  

Ստորեւ կու տանք կենսագրական տուեալներ՝ քաղուած մեր հանգուցեալ աշխատակից Պօղոս Շահմելիքանի Դեկտեմբեր 2017ին գրած «Մասիսն Ու Մասիսը» գրութենէն եւ մեր աշխատակից Կարինէ Տէր Գէորգեանի պատրաստած կենսագրութենէն.

Մկրտիչ Արարատեան ընտանիքի 4 աղջիկ եւ 2 տղայ  զաւակներուն՝ Շաքէ, Ալիս, Քնարիկ, Արփինէ, Մասիս, Խաչիկ, հինգերորդը եւ առաջին արու զաւակն է Մասիսը, որ ծնած է 29 Դեկտեմբեր 1929ին, Հալէպ:

Մասիսը յաճախած է Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզը, ապա նախակրթարանի բաժինը շարունակած է նորակառոյց Զաւարեան դպրոցին մէջ:

Մանկութենէն գծելը  դարձած է անոր զբաղումը եւ հաճոյքը։ Նախ կը սկսի գծել իր ընկերներուն,  ուսուցիչներուն, ընտանիքին անդամներուն եւ ազգականներուն դիմագիծները, ապա կը սկսի աշխատիլ երկրաչափ Արշակ Գալէմքէրեանի գրասենեակին մէջ, ուր կը մաքրագծէր երկրաչափական նախագիծեր: Ապա նոյն գործով կ՛աշխատի Հալէպի ջուրի եւ ելեկտրականութեան ընկերութեան եւ քաղաքապետարանին մէջ՝ նոյն ժամանակ կատարելով անհատ երկրաչափերու պատուիրած գործերը եւ կը զբաղի երգիծանկարչութեամբ:

Կը դառնայ արաբական «Սենեպէլ» թերթին երգիծանկատիչը, ապա կը փոխադրուի Դամասկոս, մէկ տարի ետք՝ Հոմս, յետոյ՝ Համա, Լաթաքիա եւ ապա Հալէպ: 1951ին, Հալէպի մէջ կը դառնայ հեռաձայնի ընկերութեան հիմնական պաշտօնեան: Կը կանչուի զինուորական ծառայութեան մէկ տարուան համար. զայն լրացնելէ ետք կը փոխադրուի Լիբանան՝ Պէյրութ, 1954ին:

Մասիսը կը դառնայ Պէյրութի մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու Տեղեկատուական ծայայութեան-USIA (United States Information Service) պաշտօնեայ: Այնտեղ աշխատելու շրջանին, 1965ին, Մասիս կը կազմէ ընտանիք Մարօ Տէր Ղուկասեանի հետ: Կ՛ունենան զաւակներ՝ Արազ (1967) եւ Սեւակ (1968): Կը սկսի Լիբանանեան պատերազմը, եւ 1975ին Մասիսը իր ընտանիքով կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս: Իր մասնագիտութեամբ անմիջապէս աշխատանքի կ՛անցնի ամերիկեան Herald Examiner թերթի խմբագրութեան մէջ՝ դառնալով թերթին ծաղրանկարիչը: 1990ին կը գոցուի թերթը, եւ Մասիսը կը հիմնէ իր անձնական գրասենեակը։

1947էն սկսեալ Մասիսին ծաղրանկարները տեղ գտած են հայկական, միաժամանակ օտար՝ արաբական, ֆրանսական, գերմանական եւ ամերիկեան թերթերու մէջ:

Լիբանանի մէջ, բացի «Ազդակ» օրաթերթէն եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթէնն, աշխատակցած է նաեւ ֆրանսատառ «Լորիան լը ժուր» օրաթերթին, ինչպէս նաեւ արաբատառ «Նահար»ին:

Ամերիկայի մէջ, մնայուն աշխատակիցը կը դառնայ «Ասպարէզ» օրաթերթին, որուն մէջ անոր «Գիր եւ գիծ»ի վերջին երգիծանկարը լոյս տեսաւ թերթին 14 Յունուարի թիւին մէջ։

Մասիս «Ասպարէզ»ի կողմէ մեծարուեցաւ 110ամեակի ձեռնակին ընթացքին եւ «Ասպարէզ»ի գրադարանը կը կոչուի անոր հօր՝ Մկրտիչ Արարատեանի անունով։

Մասիսը իր նշանաւոր խօսքն էր՝ «Զինուորը իր զէնքով, իսկ ես մատիտովս կը պայքարիմ թուրքին դէմ»:

Ան 1965ին հրատարակեց գրքոյկ մը՝ «Կեանքի Սեմֆոնին» եւ մեծածաւալ գիրքեր՝ «Ժպիտը Լոյս Է», որուն Ա. հատորը՝ 1947էն մինչեւ 1997, իսկ Բ. հատորը՝ 1997էն մինչեւ 2012ի միջեւ գծուած երգիծանկարներուն նուիրուած է: Զբաղած է նաեւ քանդակներով, որոնցմէ են՝ «Ցեղասպանութեան Յուշարձան»ը եւ «ՀՅԴի Երրորդութիւնը»: Յօրինած է 15 տեսակ տառատեսակներ եւ զարդարած բազմաթիւ հայ եւ օտար գիրքերու եւ հանդէսներու կողքերը:

Անոր շատ փոքրածաւալ գրքոյկին խորագիրն էր «Ազգային Դէմքեր», 3 x 2 ինչ (7.62x 5.08սմ) որուն մէջ կը հանդիպինք 100 ազգային դէմքերու դիմանկարներու:

«Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը եւ անձնակազմը ցաւակցութիւն կը յայտնեն Մասիս Արարատեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն։