image

Ոչ եւս է Մուսալեռան բարբառի հմուտ գիտակ, կրթական մշակ ՝Մովսէս Այնթապլեանը

    Ոչ եւս է Մուսալեռան բարբառի հմուտ գիտակ, կրթական մշակ ՝Մովսէս Այնթապլեանը

 Երկար տարիներ եղած է հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Պէյրութի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Այնճարի տարբեր հայկական վարժարաններու մէջ։

Այնճարի մէջ յառաջացած տարիքին իր աչքերը յաւերժին փակած է Մուսալեռցի կրթական մշակ, տնօրէն, Մուսալերան բարբառի հմուտ գիտակ Մովսէս Այնթապլեանը։ 

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Այնճարէն։

 

 Մատղաշ սերունդներու վրայ իր անջնջելի եւ բարի հետքը թողած Այնթապլեան ծնած էր Մուսալեռան վագըֆ գիւղը 1931 թուականին։ 

 Ան նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնճարի «Յառաջ» նախակարթարանէն ներս եւ ապա ուսումը շարունակած Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ,  ուր աշակերտած է Յակոբ Օշականին որ շատ մեծ ազդեցութեան գործած է վրան։ 

 Ապա աւարտած է Անթիլիասի դպրեվանքը իբրեւ դասընկեր ու սենեկակից ունենալով երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը։

 Երկար տարիներ եղած է հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Պէյրութի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Այնճարի տարբեր հայկական վարժարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ վարած է Այնճարի ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։  

  Նշենք, որ   այս առթիւ Այնճարի «Յառաջ - Գ. Կիւլպէնկեան Ազգային  Քոլէճ»ը հրապարակած է  մահագրութիւն մը նշելով, որ  վարժարանի մեծ ընտանիքը կը գուժէ մահը քոլէճիս հայ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ (1964-94), այնուհետեւ տնօրէն (1975-94)՝ Պրն. Մովսէս Այնթապլեանի մահը, որ պատահեցաւ այսօր՝ Շաբաթ 14 Մայիսին: Վշտակից ենք անոր ընտանիքին, հարազատներուն, իր հետ գործած ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ իր հոգատարութիւնը վայելած աշակերտական սերունդներուն: