image

«Ո՞վ սպաննեց քեզ իմ եղբայր».Դերասանուհի Նատին Ալ Ռասիի վկայութիւնը

«Ո՞վ սպաննեց քեզ իմ եղբայր».Դերասանուհի Նատին Ալ Ռասիի վկայութիւնը

 Օրեր առաջ «Արեւելք» անդրադարձած էր օրերս ինքնաշարժի արկածի զոհ գացած լիբանանցի երիտասարդ երգիչ՝ Ժորժ Ալ Ռասիի մասին։

 Հանգուցեալ երգիչին քոյրը՝ անուանի դերասանուհի Նատին Ալ Ռասի, առաջին մեկնաբանութիւն մը կատարած է եղածին վերաբերեալ։

Ռասի նշած է, թէ Սուրիայէն դէպի Լիբանան հասնող միջազգային ճանապարհին կրաձոյլ (պէթոն) պատնէշ մը կառուցուած է, որ ճամբան վտանգաւոր կը դարձնէ, այդ մէկը համարելով արկածի իրական պատճառը։

Մահուան բօթին հետեւանքով ուժասպառ դարձած դերասանուհին մասնաւորապէս ըսած է ՝«Ո՜վ ժողովուրդ, պետութիւնը սպաննեց իմ եղբայրը: Ճամբուն մէջտեղ պատնէշ կար եւ լուսաւորում չկար: Ա՜խ կեանքս սպաննեցին քեզ: Կ'երդնում կեանքովդ , որ սուղ պիտի վճարեն: Սպաննեցին քեզ աչքիս լոյսը»։

Նատին նաեւ գրած է իր մօր խոր վիշտին մասին եւ թէ ինչպէս անոր սիրտը կոտրուած է, ու տարածած է տեսաերիզ, ուր իր եղբայրը կը կատարէ «Սըթ Ալ Հապայէպ» երգը նուիրուած իրենց մօր: 

Յիշեցնենք, որ 16 տարեկանէն սկսեալ երգարուեստի մէջ փայլուն յաջողութիւններու հասած Ժորժ Ալ Ռասիիի ինքնաշարժի արկածը տեղի ունեցած է Սուրիա-Լիբանան միջազգային մայրուղիի մէկ հատուածին վրայ։ Ըստ լրատուական աղբիւրներուն, ան կը գտնուէր Սուրիա համերգի մը համար։