image

Ո՞վ Կը Խանգարէ՝ Սթափուէ՛ք, Ընդունէ՛ք, Որ Սխալած Էք

Ո՞վ Կը Խանգարէ՝ Սթափուէ՛ք, Ընդունէ՛ք, Որ Սխալած Էք

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

«Յուսաբեր»

 

ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, նախկին նախարար Արսէն Թորոսեան իր դիմատետրին գրած է՝ «խաղաղութիւնն իրականում գին չունի, անգին է, ինչպէս կեանքը»։

Չենք կարծեր որ մարդ կրնայ կասկածիլ այս հաստատման իրաւացիութեան, մասնաւորապէս հազարամեակներ նստակեաց կենցաղ վարած հայ ազգը։ Սակայն կարեւոր է նաեւ ճշդել՝ խաղաղութեան տակ արդեօ՞ք կը հասկնանք մարդու հիմնարար իրաւունքներու՝ կեանքի, պատուի, գոյքի, ազատութիւններու յարգանք, ազգի ինքնուրոյնութեան եւ ազատ զարգացման պայմաններ։

Տրամաբանութենէն խոտորումը կը սկսի այստեղ՝ «պէտք է սթափուենք, ընդունենք, որ սխալուել ենք»։

Կարեւորը՝ ինչէ՞ն։

Իհարկէ «կեանքն անգին է»։ Բայց կեանքը պէտք է պաշտպանել հարկ եղած պարագային։ Թէ՞ այդպէս չէ։ «Հակառակը պնդելը մահուան եւ պատերազմի քարոզ է։ Մահը երբեք աւելի թանկ չի կարող լինել, քան կեանքը, չնայած մեզ հարիւրամեակներով քարոզել են հակառակը», գրած է վերջին օրերու «իմաստունը» եւ շարունակած. «Քարոզել են ազգի արտօնեալները, որ երբեք իրենք չէին զոհուելու, քարոզել են իրենց “ազգային” հռչակած կուսակցութիւնները, որ մահով են արդարացրել իրենց գոյութիւնը, քարոզել են մոլորուած մարգինալներն ու ռոմանտիկները, քարոզել են՝ մեզ զոհուելու, եւ ոչ թէ՝ ապրելու դատապարտող օտարները»։ Յստակացո՛ւր, յականէ յանուանէ ովքե՜ր էին ակնարկածդ արտօնեալները։ Իսկ կուսակցութիւններու պահով «իւղ կը վառես» եթէ մտքիդ Դաշնակցութիւնն է։ Եթէ պէտք է՝ հսկայ գրականութիւն կայ, կրնաս կարդալ, օրինակ վերցնել, թէ մարդիկ պատասխանատուութիւնը ինչպէ՜ս ըմբռնած են ու կիրառած։ Սակայն շարունակենք մեր քաղուածքը։

«Ու տրուել ենք մենք այդ քարոզին, մեծից փոքր, ռամիկից մտաւորական, սովորական քաղաքացուց մինչեւ իշխանաւոր։ Տրուել ենք ու ընտրել մահը, ոչ թէ՝ կեանքը։ Ու շարունակւում է այդ քարոզը։ Դեռ ինչքան պէտք է ընտրենք մահը եւ ոչ թէ՝ կեանքը, դեռ ինչքա՞ն պէտք է սխալուենք։ Մինչեւ իսպառ բնաջնջո՞ւմ, որ լոկ մնա՞նք այլ ազգերի պատմութեան դասագրքերում։ Որ կրկին պատմական հայրենիք դաւանենք՝ իրականի փոխարէն»։

Բայց ո՞վ ըսաւ որ իրական հայրենիքի համար չէր ու այսօր ալ չէ կռիւը։ Մարդիկ աննպատա՞կ, աւելի՛ն՝ անտեղի՞ կը դիմեն մահուան, կուրօրէ՞ն, առա՞նց հարկադրանքի, թէ՞ իրենց ու իրենց ժառանգներու կեանքի, ինքնուրոյնութեան եւ ազատութեան իրաւունքը վաստկելու։ Այս տխեղծ տրամաբանութեամբ՝ թուրանականութեան, նացիզմի եւ ֆաշիզմի, սիոնիզմի եւ այլ գաղթարարներու՝ աւելի հզօրներու կամքին դիմաց մարդիկ, ազգեր, հայրենիքներ գլխիկոր պէտք է համակերպէին ու ենթարկուէին։

Սակայն շարունակենք ընթերցել ու փորձել հասկնալ իշխող ուժի հիւանդ՝ պարտուողական տրամաբանութիւնը.

«Պէտք է սթափուենք, ընդունենք որ սխալուել ենք։ Սխալուել ենք 100 տարի առաջ, երբ գետնի վրայի իրականութիւնը ստորադասեցինք եւրոպական քաղաքներում կնքուած ինչ-որ փաստաթղթերի եւ նորից կորցրեցինք իրական հայրենիքի մի մասը։ Սխալուել ենք նաեւ 30 տարի առաջ, երբ քանդուող կայսրութեան հոգեվարքի ժամանակ կրկին ընտրեցինք մահն ու պատերազմը եւ “յաղթող” դարձանք, դարձանք ու հպարտութիւնից կուրացանք։ Կուրացանք՝ մեծից փոքր, ռամիկից մտաւորական, սովորական քաղաքացուց մինչեւ իշխանաւոր։ Ու մինչ օրս կոյր ենք, չենք հասկանում ու ընդունում մեր սխալները, հրաժարւում ենք առերեսուել գետնի վրայի իրականութեան հետ ու շարունակում ընտրել մահը։

Մեր սխալների ընդունումն է բերելու խաղաղութեան, ոչ թէ՝ դրանց կրկնումը։ Իրաւունք չունենք կրկնել նոյն սխալները՝ մերժելով օբիեկտիւ իրականութիւնը կամ մեկնաբանելով այն մեր քմահաճոյքով։ Իրաւունք չունենք։

Խաղաղութիւնն անգին է», եզրափակած է նորելուկ տեսաբանը։

Սովետական քարոզչական թէզ է՝ 1920 Մայիսին իշխանութիւնը յանձնէին, 70 հազար քառ. քլմ. Հայաստան կը ժառանգէինք։ Առայժմ պիտի գոհանամ ըսելով՝ թէ ի՞նչ երաշխիք որ Հայաստանի անկախութեան դէմ դաւած Կրեմլը պիտի հանդուրժէր ինքնուրոյնութեան նախադրեալներ պահող Հայաստանի՝ թէկուզ սովետական, գոյութիւնը։ Սովետը՝ ինք, արհեստական պետութիւն էր, ինչպէս արհեստական է որեւէ գաղթատիրութիւն։ Բնականը՝ հազարամեակներու պատմութիւն, մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն կերտած ազգի ազատ ու անկաշկանդ կեանքն է իր հայրենիքին մէջ։ Աս ալ ծանօթ է թշնամիներուն։ Յուսանք՝ ձեզի ալ։

Թորոսեա՛ն՝ գործող իշխանութեան ներկայացուցիչ էք։ Նորութիւն չէ ինչ որ կ’ըսէք, կրկնութիւն է՝ ԼՏՊ-էն մինչեւ ՆՓ։ Առաջինը՝ ԼՏՊ-ն, իշխանութենէն հեռացուեցաւ նոյն մոլորութեան համար, ՆՓ-ին հեռացնել չյաջողեցաւ մինչեւ պատերազմ ու խուսափիլ աղէտէն։ Այսօր աղէտին մէջ կը յառաջանանք։

Նորօրեայ տեսաբաններուդ եւ ձեր հոգեհայրերուն պիտի առաջարկենք միասին նստիլ ու հատ-հատ նշել այն վրիպումները, որոնք դարերով հայ ազգը եւ իր առաջնորդները չեն սրբագրած, որոնց հետեւանքը եղած է հայրենիքի մեծ մասի կորուստը։

Յարգուելու համար, ըսէք՝ զիջողականութենէն ու «ձեր սուր՝ մեր պարանոց” տրամաբանութենէն դուրս, ինչի՞ ընդունակ էք եւ ինչի՞ պատրաստ։

Մենք անցեալը չենք կրնար փոխել. ինչ որ պատահած է, պատահած է։ Սակայն չընդունիլ, որ մեր ազգի ու հայրենիքի արդի գոյութիւնը բազմաճակատ պայքարով պահպանած ենք վերջին հարիւր թէ երեսուն տարուան մէջ, առնուազն արգահատանքի արժանի է։ Հայկ նահապետն ալ սխալական կրնաք հանել այս տրամաբանութեամբ եւ Հայոց պատմութենէն դուրս գալ ընդհանրապէս։ Ա՛տ ալ ձեր ընտրութիւնն է։

Ինչ որ չէ արտօնուած՝ պատմութեան տրամաբանութիւնը մերժող եւ զայն յաղթահարելու կամեցողութեան բացակայութեամբ ստրկութեան ծանր շղթան հայ ազգի ու հայրենիքի վիզին փաթթելու ձեր հիւանդ յամառութիւնն է։ Սթափուէ՛ք, ընդունեցէ՛ք, որ սխալած էք, սխա՛լ դաստիարակուած էք, ուղղուեցէ՛ք։

Ազգային ազատագրական պայքարը անաւարտ մնաց հարիւր տարի առաջ, երեսուն տարի առաջ ալ մասնակի նպատակներով բաւարարուեցան ու սահմանափակուեցան օրուան իշխանաւորները։

Փա՛ստ է։ Հոս նաեւ թշնամիներուն համար կը գրենք։

Ներկայի փաստն ալ՝ միլիոնաւոր նահատակներու արեամբ վաստկուած ազգային խարիսխը՝ անկախ պետականութիւնը կործանելու իշխանական յօժարութիւնն է։ Հերքեցէք եթէ կրնաք։

Մինչեւ ե՞րբ կարելի է հանդուրժել ազգի ու հայրենիքի ծանծաղամիտ առաջնորդութեան։

Օ՛ն, թուղթ-մատիտ վերցուցէք եւ ընդունելի, ապագայ խոստացող՝ արժանապատիւ ծրագիր գրեցէք, եթէ ատակ էք։

Մի՛ ըսէք մանդատ ունիք։ Ժողովուրդը չի կրնար հայրենիքն անտիրութեան մատնելու ու յաւելեալ հողային կորուստներու լիազօրել։