image

Պէյրութի մէջ. Վիգէն Հաճինազարեանի մահը

Պէյրութի մէջ. Վիգէն Հաճինազարեանի  մահը

 Պէյրութի մէջ յանկարծամահ եղած է երիտասարդ լիբանանահայ՝Վիգէն Հաճինազարեանը։

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Երիտասարդ տարիքէն կեանքի ասպարէզ նետուած եւ  ոսկերչական արուեստի վարպետ յայտնի դարձած Վիգէն տիրացած էր իր շրջապատի հանրութեան սիրոյն ու յարգանքին։ Ան երկար տարիներ եղած էր ՀԿՄ-ի անդամ ու այդ ճամբով ալ ծառայած էր մասնակցութիւն բերելով գաղութի հայկական կեանքին։

 Ըլլալով աշակերտ ու նաեւ աւարտելով  Հայ Կաթողիկէ  Մեսրոպեան վարժարանի դասընթացքները Վիգէն նետուած էր կեանքի ասպարէզ ու ստեղծած էր բարւոք կեանք մը վարելու որոշակի պայմաններ։ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական ցնցումները, երեւելի անորոշութիւնը ու ապագայի հանդէպ ծանր հարցումները թանկ նստած էին Վիգէնի հոգիին վրայ, որոնց հետեւանքով անոր երիտասարդ սիրտը կանգ առած էր ...։

 Խորին ցաւակցութիւններ հանգուցեալի հարազատներուն եւ ընկերական լայն շրջանակին։