image

Վատիկանի մէջ. Հռոմի Պապը ընդունած է Միքաթին

Վատիկանի մէջ. Հռոմի Պապը ընդունած է Միքաթին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին պապը վերահաստատեց Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալուն հանդէպ իր հաւատքը` անոր մշակութային եւ կրօնական բազմազանութեան ընդմէջէն, որովհետեւ այդ յատկանիշն է, որ ամբողջ շրջանին մէջ զայն իւրայատուկ կը դարձնէ:

Պապը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն` համախոհութիւն գոյացնելու եւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը:

Իր կարգին, Միքաթի հաստատեց, որ պատմութեան ընթացքին Լիբանանի ներկայացուցած պատգամը այսօր կը տարածուի արաբական աշխարհին մէջ` աւելցնելով, որ ներկայիս իրենց դիմաց ծառացող հիմնական մարտահրաւէրը այդ պատգամին պահպանումն է, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան արժէքներուն ամրապնդումը:

Միքաթի պապին յանձնեց նամակ մը, որուն մէջ կը բացատրուի Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացուին այն լուծումները, որոնց կարելի է Վատիկանի ներդրումով հասնիլ:

Հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս պապն ու Միքաթի յուշանուէրներ փոխանակեցին:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ` ներկայութեամբ Վատիկանի արտաքին յարաբերութիւններու նախարար կարտինալ Փոլ Կալակերի, Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազենի եւ Միքաթիի դիւանագիտական խորհրդատու Պութրոս Ասաքերի:

Հանդիպումին ընթացքին լիբանանեան հարցը քննարկուեցաւ իր բոլոր կողմերով: Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի ընդգծեց միջազգային ընտանիքին մօտ Վատիկանի օժանդակութեան կարեւորութիւնը` կատարելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները:

Փարոլին պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն իմաստով օժանդակելու Լիբանանի:

Հռոմի մէջ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Իտալիոյ վարչապետը շեշտեց Միջերկրական ծովը հանդարտ շրջան մը պահելու եւ ապօրինի գաղթին վերջ տալու կարեւորութիւնը:

Մելոնի ողջունեց Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող թափանցիկ յարաբերութիւնները եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ իտալական «ԷՆԻ» ընկերութիւնը մաս կը կազմէ լիբանանեան ջուրերէն պեղուելիք նաւթի աշխատանքին:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ իտալական այլ ընկերութիւններու` Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու:

Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Մելոնիի` Լիբանանի նկատմամբ Իտալիոյ ցուցաբերած օժանդակութեան, յատկապէս` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մաս կազմելու ընդմէջէն:

Միքաթի Մելոնին հրաւիրեց այցելելու Լիբանան` շարունակելու համար իրենց սկսած քննարկումները: