image

«Վատ խաղաղութիւնը աւելի լաւ է, քան լաւ պատերազմ»ը. Փութին

«Վատ խաղաղութիւնը աւելի լաւ է, քան լաւ պատերազմ»ը. Փութին

Ելոյթ ունենալով ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անդարդարձած է ղարաբաղեան հակամարտութեան ու Ռուսաստանի դերակատարութեան:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը ձեռք բերուած գրադադար պահպանման երաշխաւորն է: Մեր աջակցութեամբ կ'իրականացուի մարդասիրական բեռերու տեղափոխումը, տարածքներու ականազերծումը՝ ի դէպ ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Հայաստանի տարածքին, կը վերակագնուին կենսաապահովման համակարգերը, բժշկական օգնութիւն կը տրամադրուի բնակչութեան», նշած է Փութին եւ ընդգծած է, որ «այդ ամէնը եւս մէկ անգամ կը հաստատէ ռուսական իմաստութիւնը այն մասին, որ «վատ խաղաղութիւնը նոյնիսկ աւելի լաւ է, քան լաւ պատերազմը»:

«Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան առանցքային դերը խաղաղ համագործակցութեան եւ համատեղ աշխատանքի համար պայմաններ ապահովելն է՝ ուղղուած մեր երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման, մեր քաղաքացիներու բարօրութեան բարձարցման», յաւելած է Ռուսաստանի նախագահը: