Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասը հաստատած է նոր կառավարութեան կազմը՝ Մուհամմատ Մուսթաֆայի գլխաւորութեամբ, յայտնած է WAFA պաղեստինեան գործակալութիւնը։
Նոր կառավարութեան կազմին մէջ հայազգի ներկայացուցիչ կայ. Վարսէն Աղաբեկեանը նշականուած է Պաղեստինի Արտաքին գործերու եւ արտագաղթի հարցերով պետնախարար։
Իսկ Մուհամմատ Մուսթաֆան, վարչապետի պաշտօնի հետ մէկտեղ, նոր գրասենակին մէջ պիտի զբաղցնէ Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի պաշտօնը։
Նշենք, որ Պաղեստինի մէջ պետնախարարի պաշտօն զբաղցնողը բարձրաստիճան պաշտօնեայ է, նախարարին ենթակայ, ունի նաեւ նախարարի կարգավիճակ։
Նոր կառավարութիւնը նախագահի առջեւ պիտի երդուի յաջորդ կիրակի՝ 2024 թուականի մարտ 31-ին։