Լիբանան- Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտնեց, որ յառաջիկայ Հինգշաբթի օր տեղի ունենալիք կառավարութեան հերթական նիստը պիտի ըլլայ վերջինը, եթէ կառավարութիւնը վճռական որոշումներով հանդէս չգայ: Սալամ, որ անընդունելի համարեց երէկ տեղի ունեցած դէպքերը վստահեցուց, որ բոլոր յանցաւորները պատասխանատուութեան պիտի կանչուին: Սալամ նաեւ ըսաւ, որ յառաջիկային քննարկուելիք ամէնէն հրատապ օրակարգը երկրի աղբահանութեան տագնապի լուծումն է: Յիշեցնենք, որ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած բախումները պատճառ դարձած էին տասնեակ ցուցարարներու վիրաւորման: Աղբի խնդրի լուծման համար կազմուած քաղաքացիական միաւորումը որոշած էր վրաններ լարել եւ Պէյրութի գլխաւոր հրապարակին վրայ մնալ մինչեւ, որ կառավարութիւնը խնդրին լուծումներ գտնէ: