Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը գրած է, որ Իլհամ Ալիեւի քննադատներու դէմ նոր բռնաճնշումներու ծիրէն ներս Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով ձերբակալած են հետազօտող եւ քաղաքական վերլուծաբան, Փրակի Քարլ համալսարանի մէջ մասնագիտացող Պահրուզ Սամատով:
Կազմակերպութեան տուեալով՝ Սամատով քննադատած է պատերազմը եւ բռնութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Իշխանութիւնները ձերբակալած են Սամատովը Պաքուի մէջ, խուզարկած անոր տունը եւ առգրաւած անոր անձնական իրերը, շարժական սարքերը եւ համակարգիչները: ️Զայն մեղադրած են WhatsApp յաւելուածի միջոցով հայերուն իբր գաղտնի տեղեկատւութիւն փոխանցելու համար, ինչ որ ան կտրականապէս հերքած է։
Կազմակերպութիւնը նշած է նաեւ, որ անկէ առաջ ձերբակալուած է ուրիշ հետազօտող մը՝ Իքպալ Ապիլով, որ նոյնպէս մեղադրուած է պետական դաւաճանութեան համար: Ան թալիշական ցեղային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ է։
Մէկ այլ հետազօտող՝ Ճաւիտան Աղաեւ, ձերբակալուած է Պաքուի օդակայանին մէջ՝ Լիթուանիա մեկնելու ճանապարհին, Սամատովի դէմ հետաքննութեան ծիրէն ներս:
Human Rights Watch նշած է, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Ատրպէյճան կեղծ մեղադրանքներով ձերբակալած է աւելի քան 30 անկախ լրագրող, աքթիվիսթ եւ գիտնական:
Կազմակերպութիւնն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ազատ արձակելու անարդարացիօրէն ձերբակալուածները եւ դադրեցնելու բռնաճնշումները՝ ապահովելով քաղաքացիական հասարակութեան ազատ մասնակցութիւնը COP-29-ին (ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողով):