image

Վարչապետ Միքաթիի վերջին փորձերը...

Վարչապետ Միքաթիի վերջին փորձերը...

 

Սիւննիներուն մասին կը կեդրոնանամ, որովհետեւ ինչպէս երէկ այսօր ալ արաբական ծոցը (կամ Պարսից Ծոցի երկիրները) կը շարունակեն մնալ Լիբանանը այս ծանր տագնապէն դուրս բերելու ամէնաիրաւ, ամենաանկեղծ ու ամենաճշմարիտ լծակները։

 

 Մինչ իրանցիք, իրենց քաղաքական յստակ աժանտան ունին Լիբանանի մէջ, իսկ Ֆրանսացիք ունին լիբանանեան ջուրերուն մէջ եղած կազի պաշարներուն հանդէպ մեղմասած ունին «լուրջ» հետաքրքրութիւն, կամ ամերիկացիք, որոնց համար Լիբանանի հարաւային սահմանները Իսրայէլի համար «գլխացաւանք» չդարձնելու միտումն ունին, անդին սիւննի տէրութեանց համար էականն այն է, որ հայհոյանքի թիրախ չդառնան ու նաեւ «բարի խօսք» ստանան Լիբանանի բոլոր կողմերէն։

 Ի հարկէ այստեղ շատ խճճուած ու մեծ քննարկումի թեմա է Սիւննի-շիիթ «լուռ» հակամարտութեան թեման, որուն առանցքները կլորցնելու համար լիբանանցի ցանկացած սիւննի առաջնորդ պէտք է ունենայ «զսպման մէքանիզմներ» ու այդ առումով ալ այսօր մեծ պարապութիւն մը կայ, մանաւանդ, որ Լիբանանեան հրապարակի բոլոր հիմնական անունները մինչեւ այս օրը, չեն կարողացած «լեզու գտնել» Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ ՝ Մոհամմէտ Պըն Սըլմանին հետ։ 

 

Լիբանանի   նշանակուած վարչապետ Նէժիպ Միքաթի     աւելի քան    անգամներ  Պաապտայի նախագահական պալատ   բարձրացած է  ներկայացնելու  կամար   կառավարութիւն կազմելու  համար նախատեսուած  իր ցուցակը։

Մինչ լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ նոր գոյանալիք կազմը բաղկացած պիտի ըլլայ  24 նախարարներէ, կ՚ուրուագծուի նաեւ, որ Միքաթի մինչեւ հիմա վիճահարոյց համարուող նախարարական աթոռներուն վերաբերեալ լուծում տուող անուններ պիտի ներկայացնէ նախագահին։

 

 Գնդակը մեծ հաշուով կը գտնուի նախագահ Աունի խաղադաշտին մէջ, որ կը շարունակէ մնալ անվրդով ու կարծես թէ ինչ-ինչ հանգամանքներու հետեւանքով պատրաստ չէ զիջումներու երթալու։

 

 Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին հետ իր ունեցած անհատական «խորշանք»էն բացի, Աուն գործի դրած էր նոր տինամիզմ մը, որուն գլխաւոր խորագիրը երկրի սիւննի հատուածներուն «դաս տալ»ու ընթացք մըն էր, որն ամէն պարագայի անկարող է երկրին համար բանալ լուծման նոր դռներ։ 

 Անկախ անկէ, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ քաղաքական լուծումներ բերելու հիմնական բանալիներ, ոչ ոքի մօտ է, կայ նաեւ յայտնի վարկած, ըստ որուն, եթէ հոռեգոյն պարագային կը լուծման բանալիներու չգոյութիւն մը կայ, ատոր կողքին ալ կայ լուծումները ոտնատակ ընելու խաղաոճ մը։ 

 Ու այսպէս մինչ երկիրը կամաց-կամաց աւելիով կ՚ընկղմի տնտեսական տագնապի մեծ ու տարածուած ճահիճներուն մէջ, անդին տեղի կ՚ունենան քաղաքական «հաշուեյարդար»ներ ու անշուշտ հիմնական խաղացողները կ՚ընեն ամէն ինչ, որ ցանկացած լուծման փորձ, որն այս պարգային նոր կառավարութիւն մը կազմելու հիմահարցն է տապալի ու ամբողջ երկիրը վերադառնայ նախկին «զէրօ կէտ»ին։

 

 Ճիշդ է, որ լիբանանցիք վարժ են նման մեծ ու փոքր ցնցումներ, սակայն կայ, գոյութիւն ունի նոր իրականութիւն մը, որուն հիմամբ կը բացուի բաւական մոխրագոյն առագաստ մը ՝ անյուսութեան, աղքատութեան, կորուստի եւ ի վերջոյ ... արտագաղթի։

 

 Փափաքները կը մնան փափաք, բայց ստեղծուած իրականութիւնը պէտք է դիտարկել այլ կարկինով, ու այս առումով ալ արդէն ստեղծուած է համընդհանուր տեսակէտ մը, որուն հիմամբ յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ լիբանանցիներու աշխոյժ եւ արտադրող հասարակութեան համար երկիրը կամ մահացած է, կամ ալ մեռնելու վրայ է։ 

 

 Լիբանանի նման երկրի մը համար, անոր դիրքին, անոր ծայրերուն գոյացած եւ ընթացող մեծ պայքարներուն մէջ, օրինաչափութիւն դարձած է արտաքին ուժերուն ազդու եւ ազդեցիկ միջամտութիւնը։

 Այսօր այս պատկերին է Լիբանան, որովհետեւ այն կողմերը, որոնք «ըստ կարգի» ըսելով պարտաւոր են լուծման նոր ընթակարգերու առիթներ տալ, յայտնուած են մեծ «անգործութեան» մը առջեւ ու նաեւ զբաղ են իրենց ներքին խնդիրներով ու հաշիւներով։ 

 

 Բարեխիղճ եւ միջին խաւի Լիբանանցին լաւ կը յիշէ այն ժամանակները, երբ լիբանանցի առաջին կարգի գործիչներ կը փութային Դամասկոս ու այդ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող «կառավարական գաղտնաբառ»ը իրենց գրպանը դնելով կը վերադառնային կազմելու համար նոր «փրկագործական» կառավարութիւն մը, որ կարեւոր գործեր ընելու փոխարէն կը զբաղուէր փոքր ու փողաբեր գործարքներով։ 

 

 Արդիական համակարգ մը ստեղծելու բոլոր հնարաւորութիւնները լիբանանցի գործիչները «քամիին կու տային» ու անոր վրայ կու գար աւելնալու «Արաբական գարնան» ընդհանուր ժամանակը, որ զեփիւռներ բերելու փոխարէն, իր հետ կը բերէր առատ խորշակ ու կրակ։ 

 Անշուշտ չպէտք է անտեսել այն կարեւոր փաստը, որ նոյնիսկ Դամասկոսի կարեւոր ու ազդեցիկ միջամտութեան պարագային Լիբանան յանձինս ՝ Ռաֆիք Հարիրիին կ՚ունենար այնպիսի վարչապետ մը, որ կարողականութիւնը ունէր խօսելու բոլորին հետ ու նաեւ իր խօսքը լսելի դարձնելու ամբողջ աշխարհին։

 

 Ու մինչ այսօր շիիթ համայնքի կտրուածքով այդ կեդրոնական գործիչները կան ու կը գործեն, անդին սիւննիներու պարագային կայ մեծ դատարկութիւն մը, ու այդ առումով ալ Նէժիպ Միքաթթի այդ պարապութիւնը լեցնելու բոլոր մակարդակի փորձերը, նոյնիսկ ներ-սիւննիական տան մէջ, չեն դիտուած ու պիտի չդիտուին հաշտ աչքերով։ 

 

 Սիւննիներուն մասին կը կեդրոնանամ, որովհետեւ ինչպէս երէկ այսօր ալ արաբական ծոցը (կամ Պարսից Ծոցի երկիրները) կը շարունակեն մնալ Լիբանանը այս ծանր տագնապէն դուրս բերելու ամէնաիրաւ, ամենաանկեղծ ու ամենաճշմարիտ լծակները։

 

 Մինչ իրանցիք, իրենց քաղաքական յստակ աժանտան ունին Լիբանանի մէջ, իսկ Ֆրանսացիք ունին լիբանանեան ջուրերուն մէջ եղած կազի պաշարներուն հանդէպ մեղմասած ունին «լուրջ» հետաքրքրութիւն, կամ ամերիկացիք, որոնց համար Լիբանանի հարաւային սահմանները Իսրայէլի համար «գլխացաւանք» չդարձնելու միտումն ունին, անդին սիւննի տէրութեանց համար էականն այն է, որ հայհոյանքի թիրախ չդառնան ու նաեւ «բարի խօսք» ստանան Լիբանանի բոլոր կողմերէն։

 Ի հարկէ այստեղ շատ խճճուած ու մեծ քննարկումի թեմա է Սիւննի-շիիթ «լուռ» հակամարտութեան թեման, որուն առանցքները կլորցնելու համար լիբանանցի ցանկացած սիւննի առաջնորդ պէտք է ունենայ «զսպման մէքանիզմներ» ու այդ առումով ալ այսօր մեծ պարապութիւն մը կայ, մանաւանդ, որ Լիբանանեան հրապարակի բոլոր հիմնական անունները մինչեւ այս օրը, չեն կարողացած «լեզու գտնել» Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ ՝ Մոհամմէտ Պըն Սըլմանին հետ։ 

 

 Ահա այս ընդհանուր պատկերին առջեւ լիբանանցիք կը յուսան եւ ստիպուած են յուսալ, որ Միքաթի կարողանայ իր ոչ այնքան «թաց» ձեռքերով «կարմիր շագանակ»ներ դուրս հանէ կրակէն, անշուշտ միայն այն պարագային, որ անոր տրուած վստահեցումները ըլլան «անկեղծ» վստահեցումներ։ 

 Իսկ ինչ կը պատահի այն պարագային, եթէ Միքաթի պարզապէս «տապալի» իր հետ տանելով նոր կառավարութիւն ունենալու մեծ յոյսը. Այդ պարագային արդէն յստակ կը դառնայ, որ Լիբանան պիտի մտնէ նոր փլուզումներու նոր փուլ մը, որուն մէջ ալ ներքին փոքր բախումները չեն բացառուած, մինչեւ այն պահը, որ արտաքին կողմերը իրապէս հասկնան, որ Պէյրութի մէջ ծագած հրդեհը իր տարողութեամբ կրնայ խառնել ապագայ ծրագիրներուն համար նախատեսուած բոլոր խաղաքարտերը։

 

Սագօ Արեան 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...