Համացանցի մէջ յայտնուած է ատրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուող մշակութային վանտալիզմի հերթական փաստն ապացուցող հրապարակումը:
Յայտնած են «Պատմամշակութային Ժառանգութեան Գիտահետազօտական Կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն։
Համաձայն այդ հրապարակման՝ Քարվաճառի շրջանի Ծար գիւղի Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիներու տարածքին մէջ (նիւթի աղբիւրին մէջ վերջիններս կը ներկայացուին որպէս աղուանական) պիտի իրականացուին պարսպապատման եւ վերանորոգման աշխատանքներ:
Լուսանկարներէն պարզ կը դառնայ, որ եկեղեցւոյ տարածքին արդէն իսկ սկսած են շինարարական աշխատանքները․ հանուած են Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ խաչը, արձանագիր քարերէն մէկը, եկեղեցւոյ տարածքէն կը բացակային նաեւ խաչքարերու բեկորները:
Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ տարածքին մէջ քանդուած են նաեւ մինչեւ 1993 թուականը տեղի թրքացած քիւրտ ընտանիքի կողմէ եղած կցակառուցումները:

