Երեւանի մէջ հերթական անգամ անյայտ անձը կամ անձինք վանտալիզմ իրականացուցած են. կը գրէ shamshyan.com-ը։
Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ՝ ժողովուրդին յայտնի «Կանազի» հիւանդանոցի եւ Ռուբէն Միրոյեանի անուան թիւ 77 հիմնական դպրոցի մօտ տեղադրուած Արաբկիրի զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարի վերի հատուածէն կոտրած են Յիսուս Քրիստոսի գլուխն ու ձեռքը:
Խաչքարը տեղադրուած է 2007-ին՝ այն ժամանակ Արաբկիրի թաղապետ Յովհաննէս Շահինեանի հովանաւորութեամբ եւ այն կը կրէ «Յաւերժ փառք Արաբկիրի զոհուած ազատամարտիկներուն» անուանումը: