Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը իշխանութիւններէն բացատրութիւն պահանջած է Վանի Արթամէր (Էտրեմիթ) շրջանին մէջ հայկական գերեզմանոցին տեղը հանրային զուգարաններու եւ հանդերձարաններ կառուցելու վերաբերեալ: Իշխանութիւններու այդ գործողութիւնը խիստ քննադատութեան ենթարկուած է ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP) Իզմիրի պատգամաւոր Մուրաթ Պաքանի կողմէ: Վերջինս հարցը տեղափոխած է խորհրդարան:
Ըստ թրքական «Birgun» թերթի կայքին, Պաքան Մշակոյթի նախարար Նուման Քուրթուլմուշէն ու Շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մեհմէթ Օզհասեքէն պատասխան ստանալու ակնկալիքով թեմային վերաբերեալ գրաւոր հարցադրում կատարած է:
Մասնաւորապէս Քուրթուլմուշին ուղղուած հարցադրման մէջ նշուած եղած է, թէ արդեօք Թուրքիոյ Մշակոյթի նախարարութիւնը արտօնա՞ծ է զուգարաններու կառուցումը վայրի մը մէջ, ուր գիտնականներու գնահատմամբ պատմական արժէք ունեցող գտածոներ կան: Եւ արդեօք հետաքննութիւն սկսա՞ծ է տարածքին մէջ առկայ գանձախոյզներու, ինչպէս նաեւ այն մարդոց դէմ, որոնք թոյլ տուած են զուգարաններու կառուցումն այդ վայրին մէջ:
Միջանկեալ նշենք, որ այդ տարածքին մէջ կը գտնուի նաեւ «Տիլքայա» պատմական բլուրը: Վերջինիս վերաբերեալ Պաքան հարցադրման մէջ մասնաւորապէս նշած է.
«Ձեր նախարարութիւնը Տիլքայա բլուրը պաշտպանելու եւ այն ապագայ սերունդներուն փոխանցելու համար ինչպիսի՞ միջոցներ ձեռնարկած է»:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Արթամէտի քաղաքապետարանի հոգաբարձուի յանձնարարութեամբ հասարակական լողափի հարեւանութեամբ գտնուող պատմական բլուրին եւ հայկական գերեզմանոցին վրայ զուգարան եւ հանդերձարաններ կառուցուած են:
Թրքական «Birgün» թերթի կայքին տեղեկացմամբ, նշուած տարածքին մէջ անցեալին հայկական թաղամաս եղած է, որ յայտնի է որպէս հանրայայտ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայր: Թաղամասի հարեւանութեամբ գտնուող հայկական գերեզմանատունն այսօր անարգուած է, կատարուած կառուցապատումներուն պատճառով բազմաթիւ մարդկային ոսկորներ դուրս եկած են հողէն եւ այս ու այն կողմ ինկած: Գերեզմանոցն ու բլուրը չեն խուսափած նաեւ գանձախոյզներու ուշադրութենէն: Վերջիններս անխնայ կերպով փորփրած ու քանդած են տարածքը: