image

Վահէ Օշական - Մահեր

Վահէ Օշական - Մահեր

Ամէնայն տեղ մահը մի չէ

կախում ունի ինչի համար կը մեռնիս,

մարդ բիւր անգամ, գաղտագողի, պիտ՛ մեռնի

որ հասկնայ՝ եթէ կրնայ՝ ինչ ըսել է ծնիլը,

բայց երանի մէյ մը մարդուն՝

որ պայքարի ընկերներուն հետ կը զոհուի,

մէյ մ՛ալ անոր

որ ազգէն անդին, մարդէն անդին, միս մինակը՝ կ՛անհետի։