image
Հրատապ լուրեր:

Վագիֆ Խաչատրեանը դատապարտեցին 15 տարուան ազատազրկման

Վագիֆ Խաչատրեանը դատապարտեցին 15 տարուան ազատազրկման

Պաքուի ռազմական դատարանը Վագիֆ Խաչատրեանը դատապարտեց 15 տարուան ազատազրկման:

Այս մասին հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Պաքուի ռազմական դատարանի դատաւոր Զէյնալ Աղաեւի նախագահութեամբ տեղի ունեցած դատական նիստին ընթերցուած է դատավճիռ, ըստ որու՝ Խաչատրեանը դատապարտուած է 15 տարուան ազատազրկման։ Ան նշած է, որ պատժի առաջին 5 տարին պէտք է Խաչատրեանը անցնէ բանտին մէջ, իսկ մնացածը՝ «խիստ ռեժիմի գաղութին մէջ»։

Ատրպէյճանը Վագիֆ Խաչատրեանը կը մեղադրէ «Խոճալուի շրջանի Մեշալի գիւղին մէջ ապօրինի հայկական զինուած կազմաւորումներու կազմին մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելու մէջ»։

Յիշեցնենք, որ Վագիֆ Խաչատրեանը առեւանգուած ու Պաքու տարուած էր ամռան, երբ կը փորձէր Հակարիի ատրպէյճանական անցակէտով սրտի հրատապ վիրահատութեան համար Հայաստան գալ։

Ձերբակալութենէն քանի մը ժամ անց Պաքուն յայտարարած էր, թէ անոր վաղուց կը փնտռեն, անգամ միջազգային հետախուզում յայտարարած են։