Տահէշ- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Տահէշ (ISIS) Ահաբեկչական խմբաւորումը, իր համակիրներէն հետեւած է յետ այսու Twitter-ի փոխարէն հետեւիլ իր Telegram-ի հաշիւին: Ըստ փերթին Տահէշ այս քայլին դիմած է ընկերային ցանցերու վրայ իր ունեցած հաշիւներուն կայքահէններու գրոհներուն ենթարկուելէ ետք: որու հետեւանքով ահաբեկչական խումբերու ղեկավարները կոչ ուղղած են իրենց համակիրներուն քարոզչութեան նպատակով Twitter-ի փոխարեն օգտագործել այլընտրանքային կապուղիներ, ինչպէս Telegram-ը, կը նշէ աղբիւրը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Anonymous ցանցահէններու խումբը , հազարաւոր տահէշականներու հաշիւները փակել տուած է: Ցանցահէններու այլ խումբեր կը պնդեն, որ իրենք ըրած են աւելին, յայտնելով, որ Յունուար ամիսէն սկսեալ Տահէշի շարքերուն նորակոչիկներ ձեւանալով այդ խումբի անդամները տեղեկութիւններ գողցած են, Տահէշին աջակցող Dark Web կոչուած գործակալներէն եւ խափանած են տասնեակ հազարաւոր Twitter-ի հաշիւներ, կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցելով Ամերիկեան կառավարութաեն: «Ghost Srcurity Group»-ը Կամաւորական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնը ըսած է, որ մենք այժմ գաղտնի սպասարկութեան դեր կը խաղանք տեղեկութիւններ փոխանցելով FBI-ին եւ այլ գաղտնի սպասարկութեան գործակալութիւններու:Որպէս հետեւանք Twitter-ի վրայ բանեցուած ճնշումներուն, Տահէշ իր շատ մը հեռարձակուող հաղորդակցութիւնները տեղափոխած է Telegram եւ նոր կապուղիներ (channels) ստեղծած է, հասնելու համար իր հազարաւոր հեռուստադիտորղներուն:Միւս կողմէն, «The Ghost Security» խումբի ղեկավարը, որ կ'օգտագործէ «DigitaShadow» ծածկանունը, յայտնած է, որ իրենք ալ իրենց հերթին կը շարունակեն տեղեկութիւններ հաւաքագրելու գործը, այս անգամ Telegram- վրայ: