image

Ծովու ճամբով մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբաքանակը հասած է Կազա

Ծովու ճամբով մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբաքանակը հասած է Կազա

Կիպրոսի նաւահանգիստէն մեկնած մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող նաւը հասած է Կազայի ափեր։

Այս մասին յայտնած է BBC-ն՝ նշելով, որ 15 մարտին նաւէն բեռնաթափուած են  շուրջ 200 թոն սննդամթերք պարունակող բեռնարկղեր:

Պարէնի մատակարարումներն կ'իրականացուին նաեւ ցամաքով եւ օդով, սակայն օգնութեան ներկայ քանակը չի բաւարարեր Կազայի հատուածի կարիքները բաւարարելու համար:

Ըստ աղբիւրին՝ Ծովային առաքելութիւնը կազմակերպած է ամերիկեան բարեգործական World Central Kitchen կազմակերպութիւնը (WCK), իսկ գլխաւոր ֆինանսական նուիրատուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն է: Սպանական բարեգործական կազմակերպութիւնը տրամադրած է նաւը:

Մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբաքանակին մէջ ներառուած են բրինձ, ալիւր, հատիկաընդեղէն, պահածոյացուած բանջարեղէն եւ պահածոյացուած սպիտակուցներ: