image

Ծանր Իրավիճակ Պէյրութի Մէջ. Վիրաւորներուն Մէջ Կայ Բեմադրիչ Լուսիան Ապու Րըժէյլի (Լուսանկարներ)

Ծանր Իրավիճակ Պէյրութի Մէջ.  Վիրաւորներուն Մէջ Կայ Բեմադրիչ   Լուսիան  Ապու Րըժէյլի (Լուսանկարներ)

Լիբանան- Այս պահուն ծանր իրավիճակ կը տիրէ  Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող կենսոլորտի  նախարարութեան շէնքին շուրջ: Նշենք, որ     աղբահանութեան հարցով պայքարող   աքթիւիսթներ     կենսոլորտի նախարարութիւն մուտք գործելէ ետք յայտարարած էին, որ պիտի չհեռանան  շէնքէն   այնքան ատեն,  որ  կենսոլորտի նախարար Մոհամմատ Ալ Մաշնուք չի ներկայացներ իր հրաժարականը:   Ապահովական մարմիններ փորձած են    ուժ կիրառելով դուրս հանել ցուցարարները: Տեղի ունեցած է հրմշտուք, որուն հետեւանքով  շուրջ   14 վիրաւորներ փոխադրուած են  հիւանդանոց: Նշենք, որ  վիրաւորեալներուն մէջ կայ  Լիբանանցի երիտասարդ բեմադրիչ  Լուսիան  Ապու Րըժայլի, որ  ծանր վնասուածքներ ստացած է: Ներկայ  պահու դրութեամբ         14 բողոքարարներ կը  մնան  նախարարութիւնէն  ներս եւ անոնք կը մերժեն դուրս գալ  շէնքէն: