image

Տիպար դաշնակցական Սարգիս Ազնաւորեանի ուղիով. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Տիպար դաշնակցական Սարգիս Ազնաւորեանի ուղիով. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, ամբողջ կեանք մը միութենական եւ կուսակցական յայտնի եւ անյայտ գործերու նուիրեալ, ամբողջ կեանք մը իր ժողովուրդի առաքելութեան եւ անձեռնմխելիութեան օրակարգը առաջնակարգ նկատած մեզի համար Սարգիս Ազնաւորեանի տիպարը, անձը, ընկերը եւ օրինակը դաստիարակչական բնոյթ ունի:

Մեզի համար ոգեկոչման ձեռնարկները յիշատակումի սահմանէն անդին ամրապնդման եւ վերանորոգման առիթներ են:

Դաստիարակչական ու վերանորոգման ոգեկոչում է եւ միեւնոյն ատեն արտաքին եւ ներքին երկու պատգամներ ունի իր մէջ:

Արտաքին իմաստով` վստահ ըլլալու եւ շեշտելու, որ մեր պատմութիւնը վկան է մեր ուղեգիծի անխախտ եւ անսակարկելի սկզբունքին: Եթէ անցնող վերջին հարիւր տարուան հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու ազատագրական եւ յեղափոխական ուղին նկատի ունենանք եւ թուենք բոլոր ճակատներու վրայ ինկած հայ նահատակներու անունները, անոնք, որոնք զոհուեցան իրենց արդար դատին, գաղափարախօսութեան եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի  զոհերէն անկախ, հաւանաբար եւ վստահաբար կրնանք ըսել, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միա՛կ, ու հպարտօրէն կ՛ըսենք ու կ՛ընդգծենք, միա՛կ կազմակերպութիւնն է, որ այս ուղիին վրայ տուած է իր ընտրեալներէն լաւագոյնները: Հայկական ոչ մէկ կազմակերպութիւն` կուսակցական թէ քաղաքական, շարժում թէ գումարտակ, իր ծրագրի իրագործման համար տուած է այնքան նահատակներ, որքան ի՛նքը` Դաշնակցութիւնը:

Ուրեմն փաստն այն է, որ մենք միշտ մեր լաւագոյնը տուած ենք եւ կու տանք տակաւին մեր հայրենիքի բարօրութեան, բարգաւաճման, արդարութեան, ապահովութեան եւ անձեռնմխելիութեան համար: Մենք միշտ մեր լաւագոյնը տուած ենք եւ կու տանք տակաւին, որպէսզի Արցախի ժողովուրդը իր արդար իրաւունքը ստանայ, եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը իրենց արդար լուծումին հասնին:

Այսօր մեծ պետութիւնները իրենց ուժի եւ տնտեսական պարտադրանքներով «խաղաղութեան» նոր քարտէսներ կը գծեն: Պէտք է գիտնան, որ ժողովուրդներու այս պարագային` հայ, քիւրտ, պաղեստինցի եւ այլ ժողովուրդներու, իրաւունքները եւ մարդկային ոտնձգումները ոտնակոխելով չէ, որ այս «խաղաղութեան նոր քարտէս» կը ձեւաւորուի:

Պէտք է գիտնան բոլորը, որ անցեալին անարդարութեան պատճառով դիմադրութիւններ ծայր առած են եւ զարգացած, ընդլայնած եւ հասած` այսօրուան տարածաշրջանի քաոսային վիճակին: Պէտք է գիտնան, որ ժողովուրդներու սեփական հողերէն տեղահանումները միայն ու միայն ոխ, կիրք, հալածանք եւ վրէժխնդրութիւն կը ստեղծեն: Ամէն բան պարտադրուած եւ անարդար ձեւով լուծում գտած խաղաղ եւ ուրախ ապրելու խաբկանքով չի վերջանար: Ամէն բան ուժով չի պարտադրուիր: Ամէն բան մեծապետական շահերով պէտք չէ ըլլայ: Այս բոլորը կ՛ըլլան ժամանակաւոր, աւելի ուշ նոր դիմադրութեան եւ պոռթկումի ալիքի մը առջեւ պիտի գտնուին անպայման: Հետեւաբար նոր ոճով, նոր ձեւով պէտք է գործել, անկարելի է այսպէս անարդար եւ կողմնակալ լուծումներով աշխարհին նոր օրէնքներ պարտադրել:

Սարգիս Ազնաւորեանի արտաքին պատգամը այս իմաստով պէտք է դիտուի: 1985-ին, անկէ առաջ եւ ետք դաշնակցական ղեկավարներու դէմ ոճրային արարքները հայ ազգային գաղափարախօսութիւնը լռեցնելու, ազատագրական ջահը վար առնելու եւ ժողովուրդ մը ամբողջ յուսահատեցնելու պատգամներ էին: Վախ ու սարսափ ստեղծելու, ժողովուրդը կուսակցութենէն հեռացնելու, մեկուսացնելու կազմակերպուած համապետական գաղտնի սպասարկութիւններու արշաւ էր տեղի ունեցածը: Սակայն վեց տարի չանցած, նոյն այս կազմակերպութիւնը, հակառակ իր լաւագոյն ղեկավարներու նահատակութեան, առեւանգումին եւ անհետ կորուստին, Արցախի ազատագրութեան մասնակցող նոր նահատակներ ու նոր զոհեր ունեցաւ:

Իր մօտ գուրգուրանքով պահած 70 տարիներու եռագոյնը կրկին ծածանեցաւ Հայաստանի մէջ: Շուշին ազատագրուեցաւ նաեւ մեր նահատակներով: Այս էր փոխադարձ պատգամը:

Այսօր ալ մենք ունինք նահատակներ եւ քաղաքական բանտարկեալներ Պաքուի բանտերուն մէջ, մեր Բիւրոյի անդամ` ընկեր Դաւիթ Իշխանեանը: Այսօր ալ զանազան ձեւերով Դաշնակցութիւնը վարկաբեկող արշաւ կայ:

Սակայն մենք կրնանք վերականգնիլ եւ վերատիրանալ մեր իրաւունքներուն: Պարտութիւն չճանչցող եւ յուսահատութեան փոխարէն` նոր յաղթանակներ կերտելու աւիշի վերածող կազմակերպութիւն է Դաշնակցութիւնը:

Պէտք է լաւ գիտնան բոլորը: Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութեան սկզբունքը մեր ժողովուրդին ծոցէն ծնած սկզբունքն է: Մենք չենք կրնար ձեռնածալ նստիլ ապազգային ու անարդար դասաւորումներու եւ նորօրեայ ջարդերու ու տեղահանութեան դիմաց: Այս է մեր տարբերութիւնը, այսպէս եղած ենք միշտ: Կան անզիջելի եւ անսակարկելի օրակարգեր, որոնք կարմիր գիծ են մեզի համար:

Դաշնակցութեան ճամբան միշտ դժուար եղած է: Դաշնակցութիւնը միշտ վերցուցած է իր դէմ նետուած բոլոր ձեռնոցները: Այսօր ալ, բոլոր ժամանակներէն աւելի, պատրաստ է վերցնելու այդ մէկը:

Ներքին իմաստով մենք ոչ միայն մեր շարքերը, այլ նաեւ մեր գալիք սերունդները ճանչնալու եւ ամրապնդելու համար կարեւոր կը նկատենք նման ոգեկոչումներ: Անդրադառնալու եւ ընդգծելու, որ Դաշնակցութեան մէջ մեծ ու փոքր գործեր չկան, բոլոր աշխատանքներն ալ կարեւոր են: Պատանիներու վարիչ ըլլալ թէ ԼԵՄ-ի վարչական, շրջանի կոմիտէ թէ միութենական անդամ` բոլորին գործը ստանձնելը եւ բոլորին հաւաքական աշխատանքը կը կազմեն Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին ուխտը:

Այսպէս, Սարգիս Ազնաւորեանը ՀՄԸՄ-ի թէ կուսակցական բոլոր բնագաւառներուն մէջ, բոլոր պայմաններուն մէջ ալ մնաց  հաւատարիմ իր սկզբունքին: Մնաց աչքառու իր համեստ եւ ազնիւ աշխատելաոճով:

Համեստ, ազնիւ եւ դաշնակցական գործի տեսակ չփնտռող տիպարի օրինակը այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, կարեւոր է մեր կեանքին մէջ:

Անանձնական եւ զոհաբերութեան պատրաստ: Երդումին հաւատարիմ, արեան գնով կուսակցութեան շահերը փնտռող ըլլալը հրամայական է:

Սարգիս Ազնաւորեանի օրինակը մեր օրերուն շատ կարեւոր է, երբ  շահի ու դիրքի հետապնդումով, երեւելու մոլուցքով, լոզունգներով եւ աժան ճառախօսութիւններով խճողուած է հրապարակը: Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոններէն մինչեւ ընկերային ցանցերու վրայ հայրենասիրութեան դասեր տուող ընկերային ցանցերու յայտնի եւ անանուն էջերէն բոլո՛րը, բոլորը անխտի՛ր, պէտք է գիտնան, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ իր անշեղ ընթացքը անպայման որ պիտի ըլլան եւ կը մնան կարեւորը:

Կարեւորը մեր կազմակերպական ուժի ամրութիւնն է: Կարեւորը շարունակական ձեւով մեր ազգային գիծը պահելն է: Կարեւորը մեր ժողովուրդի փափաքներու իրականացման համար ճիգ չխնայելն է: Վերջապէս, 1985-ին Սարգիս Ազնաւուրեանի նահատակութեան եւ թաղման արարողութենէն ետք, օրուան «Ազդակ»-ի էջերը երբ թերթատենք, հոն կը տեսնենք Գրիգոր Նգրուրեանի, Սարգիս Կիրակոսեանի, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի, Սեդրակ Թահմազեանի եւ օրուան առաջնորդ Արամ եպս. Քէշիշեանի խօսքերը, ոմանք իբրեւ դամբանական, ուրիշներ` սրտի խօսքեր, բոլորն ալ նո՛յն միտքով, նո՛յն ոգիով եւ նո՛յն պատգամներով կ՛ամրապնդեն մեր ժողովուրդը:

Խօսքս պիտի փակեմ օրուան Կեդրոնական կոմիտէի ընկերոջ արտասանած խօսքին մէկ բաժինով, ուր կ՛ըսէ հետեւեալը. «Ժողովո՛ւրդ հայոց, Դաշնակցութիւնը քեզ կը ճանչնայ իբրեւ իր հարազատ ծնողը, արիւնը արիւնէն եւ ոսկորը ոսկորէն, ու ոչ ոք, ոչ մէկ ուժ կրնան մեզ հեռու պահել մեր ուխտէն, հաւատարիմ ու հաւատաւոր զաւակդ ըլլալու անփոխարինելի մեր ուխտէն, փոթորկալի եւ արիւնոտ մեր պատմութիւնը վկայ, որ վտանգի պահերուն, ճգնաժամային ու նեղ վայրկեաններուն Դաշնակցութիւնը չէ վարանած, երբեք չէ ընկրկած եւ իր ամէնէն ընտիր զաւակներուն կեանքը մատաղ ըրած է քու ապահովութեանդ պահպանումին եւ վեհագոյն նպատակներուդ իրագործման համար»:

 

*Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-ամեակի Նշումին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով արտասանուած խօսք:

 

Յակոբ Լատոյեան

«Ազդակ»