image

Տիարպէքիրի Մէջ Սպաննուողները Միայն Քիւրտերը Չեն, Այլ Նոյնպէս Թաքուն Հայերը. Ռաֆֆի Պետրոսեան

Տիարպէքիրի Մէջ Սպաննուողները Միայն Քիւրտերը Չեն, Այլ Նոյնպէս Թաքուն Հայերը. Ռաֆֆի Պետրոսեան

«Տիարպէքիր ապրող թաքուն   կամ իսլամացուած հայերը մեծ  ճնշումներու կ'ենթարկուին»,- «Արեւելք»ին  ըսաւ  Տիարպէքիր ծնած Ռաֆֆի Պետրոսեան:  Ան նաեւ յայտնեց, որ պէտք չէ մոռնալ, որ բնաջնջման ենթարկուող արեւելեան շրջաններու ժողովուրդը միայն քիւրտերը չեն, այլ անոնց մէջ հազարաւոր թաքուն հայեր ալ կան, որոնք նոյն վիճակին  մէջ են եւ դատապարտուած են նոյն ճակատագրին:  Պետրոսեան,   որ ամէնօրեայ կապի մէջ է Տիարպէքիր իր ծանօթներուն հետ,  յայտնեց, որ շատ  ծանր դրութիւն մը կը տիրէ հոն եւ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք գրեթէ նոյն վայրագութեամբ  կը վարուի,  այս անգամ՝ քիւրտերուն հետ, որու հետեւանքով այսօր արդէն շատ մը քաղաքներ կը պարպուին, մարդիկ կը փախչին, փողոց ելլելը արգիլուած է (պարէտային ժամ է), ժողովուրդի վրայ կրակ կը բացուի, մեծ թիւով սպաննուած մեռելներ կան, որոնց դիակները կը մնան փողոցները, մինչ տուներու մէջ մահացածներու դիակաները տուները կը  պահուին, որովհետեւ յուղարկաւորութիւն ընելը հնարաւոր չէ»:  Ան նաեւ ըսաւ,  որ դիակները սառնարաններուն մէջ կը դրուին, հակառակ որ հոսանք չկայ, ջուր չկայ, պաշարումի հետեւանքով սնունդը սպառած է, ինչպէս նաեւ դպրոցները Սեպտեմբեր ամիսէն ի վեր փակ կը մնան: Ըստ Պետրոսեանի  այդ շրջաններուն  մէջ  ամիսէ մը աւելի գործերը դադրած են եւ  ժողովուրդը շատ անելանելի վիճակի մը մատնուած է: Ան  յայտնեց,  որ այն ընտանիքները, որոնք տակաւին իրենց տուներէն ներս ուտելիք, սննդամթերք ունին, կը գոյատեւեն եւ կը շարունակեն մնալ իրենց տուները, իսկ անոնք, որոնց մօտ սպառած է սնուելու հնարաւորութիւնը, ճերմակ սաւաններ բարձրացուցած քաղաքէն դուրս կու գան՝ անցնելով ուրիշ քաղաքներ բնակող իրենց հարեւաններուն մօտ, ինչի հետեւանքով ալ ինչպէս նշած է Տիարպէքիրի Սուրի քաղաքապետարանը՝ բնակչութեան թիւը 24,000-էն իջած է 2000-ի: Պետրոսեան յայտնեց, որ այս բնակավայրերու եւ հողամասերու դատարկման կ'ենթարկուին նաեւ ծպտեալ հայերը, որոնց հետ ինք միշտ կապի մէջ է, եւ կը գիտակցի անոնց ծանր վիճակի մատնուած ըլլալը, անոնք շատ վատ տրամադրութեան մէջ են, մանաւանդ որ թուրք կառավարութեան ուժերը քիւրտերուն որպէս հայհոյանք յաճախ կ'արտասանեն «ամէնքդ ալ հայ էք, ամէնուդ ալ պիտի մեռցնենք» արտայայտութիւնը: Ռաֆֆի Պետրոսեան  նաեւ  յայտնեց , որ անոնց հետ սկսած  հայերէն լեզուի դասերը նոյնպէս դադրած են:  «Հայերէն դասեր սկսած էինք թաքուն հայերուն  հետ, անոնք ամիսը մէկ անգամ Ս. Կիրակոս եկեղեցի կու գային, կը հաւաքուէին, միասին ճաշ կ'ընէին, քով- քովի իրարու խնդիրներ կը լուծէին, եւ հիմա այս բոլորը դադրած է, որովհետեւ անկարելի է Ս. Կիրակոսի թաղը մտնել այլեւս: Անոնք միայն Դիմատետրի միջոցաւ իրար հետ կը կապուին եւ իրար  օգնել կ'աշխատին»,- տեղեկացուց ան:

Պետրոսեան, նաեւ խօսելով վերջերս «Armenian Weekly»ի մէջ այս հարցի շուրջ լոյս տեսած իր յօդուածի մասին, «Արեւելք»ին փոխանցեց այնտեղ հնչեցուցած իր այն միտքը, թէ ինչպէս 100 տարի առաջ հայերու պահանջած բարեփոխումները կառավարութեան կողմէ դիտուեցան որպէս ազատութեան եւ անկախացման ձգտում ու սպառնալիք՝ օսմանեան կայսրութեան համար, եւ անոնք  հայկական հարցը վերացնելու համար հայերը ոչնչացնել ջանացին, հիմա նոյն ձեւով կը վարուին քիւրտերուն հետ, որոնց բարեփոխումներու եւ ինքնիշխանութեան (ինքնավարութեան) պահանջքը անկախութեան ձգտում տեսնելով, ամբողջ քիւրտերուն իբր ահաբեկիչ կ'անուանեն եւ կը սպառնան թէ՛ քաղաքացիներուն, թէ՛ PKK-ի անդամներուն, որոնց մէջ սակայն հիմնական տուժողը ժողովուրդն է:  «Քիւրտ ղեկավարներն ու քաղաքական մարդիկը բոլորն ալ բանտերն են, քիւրտ քաղաքապետներուն գրեթէ բոլորը նոյնպէս ձերբակալուած եւ բանտարկուած են»,- ըսաւ ան: Խօսելով այս հարցերու շուրջ սփիւռքի արձագանգներու  մասին, Պետրոսեան  յայտնեց, թէ ինք յաճախ լսած է այն տարածուած կածիքը, թէ «քիւրտերը հայերուն ջարդեցին, լաւ է, որ այսօր այս մէկը իրենց հետ ալ կը պատահի», սակայն ինք այդպէս չի խորհիր «քիւրտերու մեծ մասը  հիմա կ'ընդունի  իրենց 100 տարի առաջ կատարածը եւ կը զղջան ու կ'աշխատին հայերուն հետ բարեկամանալ»,- ըսաւ ան, շեշտելով, որ հիմա պէտք է մենք՝ հայերս այս գէշ դէպքերու վերաբերեալ, եթէ ոչ օգնել, գոնէ արձագանգենք եւ բացատրենք աշխարհին, որովհետեւ Թուրքիա բնաւ այս մասին չարտայայտուիր, ինչպէս նաեւ Ամերիկան  ու Եւրոպան, հետեւաբար  Պետրոսեան  կը խորհի, որ պէտք է այս իրականութիւնները պարզենք եւ ցոյց տանք, որ թուրք կառավարութիւնը նոյն վայրագութեամբ հայերուն ըրածը քիւրտերուն կ'ընէ այսօր, եւ նշեց, որ թուրք ժողովուրդը նոյնպէս շատ տեղեակ չէ կատարուածներու մասին, որովհետեւ լրատուամիջոցները  թուրք կառավարութեան հսկողութեան տակ են: «Կաղանդի գիշերը Արեւմտեան  Թուրքիոյ ամենամեծ քաղաքներուն մէջ՝ Պոլիս, Իզմիր, Անգարա եւ այլն տօնական պայթուցիկներ կ'արձակուէին օդին մէջ, մինչ միեւնոյն պահուն պատմական Հայաստանի եւ հարաւարեւելեան քաղաքներուն մէջ նոյն ձեւով երկինքէն ռումբեր կը նետուէին եւ մարդիկ կը մեռնէին»,- ըսաւ ան, յայտնելով, որ միակ այս հարցի մասին խօսող եւ օժանդակութիւն ցուցաբերողը Ռուսիան է:

«Արեւելք»ի այն հարցին, թէ արդեօք քիւրտերը պետութիւն ստեղծելու նպատակ կը հետապնդեն եւ թէ այդ մէկը ինչքանով  շահեկան կ'ըլլայ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին համար,  Պետրոսեան  մեկնաբանեց, որ այդ հարցի մասին խօսիլը ներկայիս շատ կանուխ  է, մատնանշելով սակայն, որ քիւրտերը, ինչպէս  օրինակ Սուրիոյ  մէջ,  փոքրամասնութիւններու հանդէպ շատ տեմոգրաթ ձեւով կը վարուին, հայերուն  իրաւունքներ կու տան, հաւանական է, որ նոյն կերպ վարուին նաեւ Թուրքիոյ   մէջ:  «Հակառակ որ հիմա Թուրքիոյ կառավարութենէն շատ աւելի արդար ծրագիրներ պատրաստելու խոստումներ կու տան քիւրտերը, սակայն ինչքանով անոնք կ'իրականցնեն այդ բոլորը,  ոչ ոք կրնայ գիտնալ»,- ըսաւ ան, նշելով, որ, «նախքան այս խնդիրները քիւրտերուն կողմէ մեր յափշտակուած հողերը ետ տալու մասին խօսքեր չկային,  բայց գոնէ կարելի եղած էր դատերու միջոցաւ որոշ իրաւունքներ վերահաստատել, օրինակ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ կալուածը, որ բաւական բնակարաններ եւ հողեր ունէր, անոնց մէկ մասը կրցանք ձեռք ձգել համաձայնութեանբ, եւ մէկ մասն ալ՝ դատերով: Բնական  սկիզբ մը եղածը  էր դէպի արդարութեան, բայց հիմա ամէն բան  անդամալուծուած է»,-ըսաւ ան:

Ան նշեց նաեւ, որ կարելի չէ բոլոր քիւրտերուն հանդէպ մէկ մօտեցում ցուցաբերել, անոնց մէջ կան ե՛ւ ծայրայեղական կողմեր, ե՛ւ աւելի տէմոգրաթներ, եւ յայտնի չէ, թէ ով կրնայ  ապագային ղեկավարութեան գլուխ անցնիլ, սակայն մէկ բան կարելի է նկատի ունենալ, որ անոնք հայերու զօրակցութեան մէջ թուրքերէն աւելի լաւ են: