image

Թուրքմենպաշիի մէջ կայացած է Էրտողան-Ալիեւ հանդիպումը

Թուրքմենպաշիի մէջ կայացած է Էրտողան-Ալիեւ հանդիպումը

Թուրքմենպաշիի մէջ հանդիպած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւն ու Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ մեկնարկած էր Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Թուրքմենստանի ղեկավարներու առաջին համատեղ գագաթնաժողովը, որու ծիրէն ներս քննարկուած են ուժանիւթի, առեւտուրի, տնտեսութեան, մաքսայինի, փոխադրութեան, գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի հարցեր։

Անկէ ետք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կոչ ըրած է սկսելու Թուրքմենստանէն Եւրոպա բնական կազի մատակարարման աշխատանքները։ Այս մասին ան յայտարարած է Թուրքմենպաշիի մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքմենստանի ղեկավարներ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերտար Պերտիմուհամետովի հետ հանդիպման ժամանակ։

«Ժամանակն է սկսելու աշխատանքը թուրքմենական բնական կազը արեւմտեան շուկաներ մատակարարելու ուղղութեամբ»,-ըսած է Էրտողան։