Քանի մը տարի առաջ, աներեւակայելի պիտի համարուէր Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ կամ այլ եւրոպացի ղեկավարներու՝ Թուրքիոյ հետ սեղանակից ըլլալու իրողութիւնը, կառուցելու համար Եւրոպայի պաշտպանական համակարգը։ Մինչդեռ, այսօր Թուրքիան ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս եւրոպական աշխարհամասի պաշտպանութեան երաշխաւոր։
Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու լոյսին տակ, մանաւանդ երբ Միացեալ Նահանգներ կը յայտնեն իրենց ռազմական ներկայութեան նուազումը արեւմտեան դաշինքին մէջ, Թուրքիոյ համար պատեհ առիթ կը ստեղծուի վերադառնալու եւրոպական հարթակներուն եւ ստաձնելու առաջնակարգ դեր ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպայի մէջ։
Որքան եւրոպացի ղեկավարները պիտի փորձեն հակազդել ամերիկեան դժկամութեան ուքրանական պատերազմի գործողութիւններուն առնչութեամբ, Թուրքիան պիտի ջանայ զօրացնել տպաւորութիւնը՝ թէ տարածաշրջանի ամէնէն նկատառելի ուժը կը հանդիսանայ։ Արդէն, վերջին տասնամեակին, Անգարան կարողացաւ իր ռազմական ներկայութիւնը հաստատել Լիպիա, Սուտան եւ Սոմալիա, իսկ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները ու Ասատի վարչակարգի տապալումը Թուրքիոյ ուժեղացած ազդեցութեան ճամբան բացին Միջին Արեւելքի մէջ։
Վերջին օրերուն ակնյայտ կը դառնայ Թուրքիոյ ղեկավարութեան համադրուած աշխատանքը թափանցելու եւ տեղ գրաւելու Եւրոպայի առաջնորդներու շրջանակին մէջ, մաս կազմելով ծանրակշիռ որոշումներու հոլովոյթին։
Պատահական չէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի ներկայութիւնը եւրոպացի ղեկավարներու խորհրդաժողովին, որ գումարուեցաւ Բրիտանիոյ մէջ։ Այն պահուն երբ Միացեալ Նահանգներ կը սառեցնեն իրենց ռազմական օգնութիւնը Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն, ակներեւ կը դառնան Թուրքիոյ ջանքերը՝ յառաջ քշելու երկրի ռազմական արհեստագիտութեան եւ ճարտարարուեստի ձեռք ձգած փորձառութիւնը, տեղ գրաւելով ռուս-ուքրանական հակամարտութեան եւ մասնաւորաբար եւրոպական պաշտպանական համարկարգի կառուցման գործընթացին մէջ։
Միւս կողմէն, աննկատ պէտք չէ անցընել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնները օտար երկիրներու դեսպաններուն ի պատիւ սարքած ճաշկերոյթին, թէ կարելի չէ դիմագրաւել ընթացող աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները առանց Թուրքիոյ լիիրաւ մասնակցութեան եւրոպական ընտանիքէն ներս։ Նոյնիսկ՝ ան հաստատ համոզում արտայայտեց, թէ Թուրքիոյ համար ռազմավարական առաջնահերթութիւն կը հանդիսանայ անոր անդամակցութիւնը Եւրոպայի մեծ ընտանիքին։ Յատկանշական էին թուրք նախագահի խօսքերը՝ «Եւրոպայի համար հետզհետէ անկարելի կը դառնայ պահել իր միջազգային դիրքը առանց Թուրքիոյ արդար մասնակցութեան։ Ուղիղ խօսելով, Եւրոպայի ապահովութիւնը առանց Թուրքիոյ ներկայութեան անկարելի կը դառնայ։ Մենք կը սպասենք մեր եւրոպացի բարեկամներէն ընդունիլ ներկայ իրականութիւնը եւ իրագործել մեր ամբողջական անդամակցութեան հեռանկարը»։
Օգտագործելով Եւրոպայի ցուցաբերած քաղաքական եւ ռազմական տկարութիւնը, Թուրքիոյ ղեկավարը կը փորձէ սիրաշահիլ իր խօսակիցները, ճկունօրէն գծելով «տարածաշրջանային խաղաղութեան միտող» կեղծ դիմագիծ մը, նախ յայտնելով, թէ Թուրքիա «կը նպաստէ Արեւելեան Միջերկրականի եւ Էգէական ծովուն մէջ կայունութեան, պահելով դրացի Յունաստանի հետ դրական մթնոլորտը եւ փոխադարձ վստահութեան յարաբերութիւնները»։ Միաժամանակ, նախագահ Էրտողան յայտնեց, թէ իր երկիրը կը շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը. «կը շարունակենք Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն ապահովելու ջանքերը: Կ՚աշխատինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ», նշած է ան:
Ուշագրաւ էր Յունաստանի բացակայութիւնը բրիտանական հողին վրայ կայացած եւրոպացի ղեկավարներու խորհրդաժողովէն ու ծանրակշիռ որոշումներու սեղանէն, մինչ քաղաքական դէտերը կը մատնանշեն երկրի ռազմական արհեստագիտութեան բացթողումները եւ դանդաղ շարժը։ Այս իրականութեան տակ, վերջերս Յունաստանի եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու ղեկավարութեան ու պատուիրակութիւններուն միջեւ կայացած հանդիպումներն ու գոյացած համաձայնութիւնները, նկատել կուտան անհրաժեշտութիւնը առաւել խորացնելու երկու երկիրներու համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը աւելի ամուր եւ ընդլայնուած հարթակներու վրայ։
Իր քաղաքական հետապնդումներուն առընթեր, Թուրքիա արդէն սկսած է նկատուիլ կարեւոր դերակատար՝ նաեւ եւրոպական պաշտպանական համակարգի ստեղծման գործընթացին մէջ։ Կը մնայ, որ տարածաշրջանի այլ ուժեր, որոնք իրար դաշնակից ըլլալու սերտ գործակցութեան մէջ կը գտնուին, յստակ մեկնաբանեն Թուրքիոյ ուժեղացման փորձերը որպէս տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական մեծ յաւակնութիւններ ունեցող գործօն։
Քերոբ Էքիզեան
«Ազատ Օր»