Հայաստանի կառավարութիւնը 2026-ին պաշտպանութեան կը նախատեսէ ուղղել 560 միլիառ դրամ։ Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ պետական պիւտճէի 2026-ի նախագիծէն, որ սեպտեմբեր 25-ին հաստատուած է կառավարութեան նիստին։
2025-ի համեմատ՝ ՀՀ պաշտպանութեան ուղղուած միջոցները 2026-ին կը նուազին 100 միլիառ դրամով։ Նախորդ տարի այս նպատակով նախատեսուած էր 660,9 միլիառ դրամ։
2020-ի պատերազմէն ետք՝ 2021-2025 թուականներուն, Հայաստանի պաշտպանութեան ծախսերը տարուէ տարի աճ գրանցած են՝ 2021-ին նախատեսուած շուրջ 306 միլիառ դրամէն հասնելով 661 միլիառ դրամի՝ 2025-ին։
Փաստացի, 2021-էն ի վեր 2026-ի պաշտպանութեան ապահովման պիւտճէն առաջին անգամ կը նուազի, սակայն կը մնայ աւելի բարձր, քան երբեւէ մինչեւ 2024-ը։
Oգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ ԱՄՆ-ի ղեկավարներու միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան հռչակագրի նախաստորագրումէն ետք ՀՀ իշխանութիւնները՝ ի դէմս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ելեւմուտի նախարարի, խօսած էին պաշտպանական ծախսերու հնարաւոր նուազման մասին։
«Կարծում եմ՝ գուցէ 2026-ի պետբիւջէում պաշտպանական ծախսերի էական աւելացումներ կա՛մ չունենանք, կա՛մ ընդհանրապէս չունենանք։ Սա տրամաբանական է։ Գոնէ այս պահի մեր գնահատականը դա է։ Մենք կը շարունակենք իրադրութեան օպերատիւ վերլուծութիւնը…»,- օգոստոս 21-ին ըսած էր Փաշինեանը։
Սեպտեմբեր 10-ին Ազգային ժողովի մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ Փաշինեանը պաշտպանական ծախսերու հանարաւոր նուազումը բացատրած էր այլ հանգամանքներով։ Ան նշած էր, որ 2025-ին 2024-ի համեմատ պաշտպանական ծախսերու շատ էական՝ կտրուկ աճ եղած էր, որ պայմանաւորուած եղած էր որոշակի հրատապ կարիքներով:
«Մենք իրականացրել ենք էական պաշտպանական ծախսեր եւ այդ ծախսերի մի մասը մենք ուղղել ենք ապագայ պատքերի, պարտաւորութիւնների մարմանը, այդ թւում՝ պաշտպանութեան ոլորտում: Այսինքն՝ այն վարկերը, որոնք ուղղուել են պաշտպանութեանը, այն որ մենք պէտք է, ասենք՝ 2030 կամ 2035 թուականին մարէինք, մենք յարմար ենք գտել, որ հետագայ պարտքային բեռը նուազենցնենք, բայց ոչ միայն»,- նշած էր Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ այս տրամաբանութեամբ միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագրով 2026-ի պաշտպանական ծախսերը ունին բնականոն աճ 2024-ի նկատմամբ։