image

Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած S-400-ի Ուքրանիա փոխադրութիւնը անհնարին է. Պատճա՞ռը

Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած  S-400-ի Ուքրանիա  փոխադրութիւնը անհնարին է. Պատճա՞ռը

Զէնքի առեւտուրի վերլուծութեան ռուսական կեդրոնի տնօրէն Իկոր Քորոթչենքօն ըսած է, որ Թուրքիոյ կողմէ «S-400» ՀՕՊ համակարգերու Ուքրանիոյ  փոխանցումը «անհնար է», քանի որ այդ կը նշանակէ, որ «Անգարան կը հրաժարի Ռուսաստանի հետ ռազմաթեքնիք համագործակցութենէն»:

Քորոթչենքօն համարած է, որ եթէ Անգարան երթայ այդ քայլին, ապա մեծ վնաս պիտի հասցնէ ռազմաթեքնիք ոլոտին մէջ Ռուսաստանի հետ իր համագործակցութեան, որ կը ծառայէ իր անվտանգութեանը, բացառելով որ «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի նման քաղաքական գործիչը կ'երթայ այդ քայլին»: 

Ան յաւելած է, որ Թուրքիոյ կողմէ «S-400» համակարգի գնումը դարձած է այս երկրի ազգային անվտանգութեան ամրապնդման կարեւորագոյն գործօններէն մէկը, քանի որ այդ իրեն հնարաւորութիւն կու տայ պաշտպանելու իր օդային տարածքը:

Անոր խօսքով, «այդ ոչ միայն ռազմական խնդիր է, այլ նաեւ ազգային հեղինակութիւն», ըսելով որ «ԱՄՆ-ի առաջարկը Թուրքիոյ` ռուսական համակարգը Ուքրանիոյ փոխանցելու գործարքը, պիտի ըլլայ թրքական ազգային ինքնիշխանութենէն հրաժարում, ինչ որ պարզապէս անհնար է պատկերացնել»:

Տնտեսական առումով Քորոթչենքօն բացատրեց, որ ռուսական շուկային մէջ օտարերկրեայ ընկերութիւններուն թողած տեղերը կրնան զբաղեցնել թրքական ընկերութիւնները: